Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀԲԸՄ Կը Շնորհաւորէ Ընտրուած Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Եւ Կ’ակնկալէ Խաղաղութեան Ու Յառաջընթացի Ապագայ

ՀԲԸՄ Կը Շնորհաւորէ Ընտրուած Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Եւ Կ’ակնկալէ Խաղաղութեան Ու Յառաջընթացի Ապագայ

by MassisPost

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) կը շնորհաւորէ ընտրուած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան՝ 2026 թուականի Յունիս 7-ին կայացած ընտրութիւններուն տարած յաղթանակին առիթով։

ՀԲԸՄ-ը յոյս կը յայտնէ, որ տարածաշրջանին մէջ կը հաստատուի տեւական խաղաղութեան եւ կայունութեան դարաշրջան, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ Հայաստանին ուղղորդելու իր մարդկային դրամագլուխը դէպի նորարարութեան, արհեստագիտական յառաջընթացի, տնտեսական աճի ու ազգային անվտանգութեան ոլորտներ։

ՀԲԸՄ-ի Յայտարարութիւնը
«Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը իր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցէ ընտրեալ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանին եւ Քաղաքացիական Պայմանագիր Կուսակցութեան,  7 Յունիս 2026-ի ընտրութիւններուն իրենց յաղթութեան կապակցութեամբ: Խորհրդարանական այս ընտրութիւնները կը վկայեն օրէնքի գերակայութեանբ Հայաստանի ժողովրդավարական կառոյցներու զօրութեան մասին, միաժամանակ հաստատելով  Հայաստանի քաղաքացիներու յանձնառութիւնը՝ քաղաքացիական մասնակցութեամբ եւ ազատ ու արդար ընտրութիւններու միջոցաւ իրենց առաջնորդութիւնը ընտրելու իրաւունքի պահպանումին ուղղութեամբ:

ՀԲԸՄ-ը յոյս կը յայտնէ, որ շրջանէն ներս տիրէ տեւական խաղաղութիւն եւ կայունութիւն, ինչ որ առիթ կ’ընձեռէ մարդկային ներուժը ներդնելու ի խնդիր  ճարտարագիտական զարգացման, տնտեսաական աճի եւ ազգային անվտանգութեան ապահովումին: Նոյն այդ ոգիով մենք կոչ կ’ուղղենք միասնականութեան վերանորոգ տրամադրութեամբ եւ բարեկամեցողութեան մթնոլորտի մէջ, յանդուրժողութեամբ վերաբերելու տարբեր կարծիքներու եւ տեսակէտներու ազատ արտայայտութեան՝ Հայաստանի մէջ, թէ սփիւռքի տարածքին:

Ինչպէս միշտ, ՀԲԸՄ-ը հաստատ կը մնայ հայրենի ժողովուրդին եւ գործող իշխանութիւններուն հետ գործակցելու իր յանձնառութեան մէջ, սատարելու համար հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ բարգաւաճումին նպաստող առիթներու ապահովումին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment