Միջազգային դիտորդական առաքելութիւնները ներկայացուցին իրենց համատեղ գնահատականները Յունիս 7-ին Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ։
Ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներու եւ եզրակացութիւններու մասին համատեղ յայտարարութիւնը կազմած էին ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԵԽԽՎ), Եւրոպական Խորհրդարանի (ԵԽ), ԵԱՀԿ եւ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԺՀՄԻԳ) պատուիրակութիւնները:
«2026 թուականի Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն ընձեռեցին քաղաքական այլընտրանքներու միջեւ իրական ընտրութեան հնարաւորութիւն։ Ընտրական գործընթացը եղած է լաւ կազմակերպուած»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Միջազգային դիտորդները ընդգծած են Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու ամրապնդման, հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան եւ ժողովրդավարական գործընթացներու նկատմամբ հանրային վստահութեան խթանման շարունակական ջանքերու կարեւորութիւնը։
«Ընտրական գործընթացը կարգաւորուած է ընտրութիւններուն վերաբերող վերանայուած օրէնքներով եւ կանոնակարգերով, որոնք ամուր հիմք կը հանդիսանան ժողովրդավարական ընտրութիւններուն համար։ Վերջին տարիներուն կատարուած փոփոխութիւնները հիմնականին մէջ իրականացուած են լայնածաւալ բանակցային գործընթացի միջոցով եւ իրաւական շրջանակը բարելաւուելու ուղղութեամբ։ Ընտրական վարչակազմը արհեստավարժ եւ արդիւնաւէտ կերպով կառավարած է ընտրութիւններու տեխնիկական նախապատրաստական աշխատանքները։ Դիտարկուած ընտրատեղամասերու մեծ մասին մէջ ընտրութիւններու օրուայ ընթացքը գնահատուած է բացարձակապէս դրական»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Միջազգային դիտորդներու գնահատմամբ՝ ընտրութիւնները, ընդհանուր առմամբ, խաղաղ էին եւ առանց միջադէպերու։ Ըստ անոնց՝ ընտրական գործընթացը հանգիստ էր եւ շատ լաւ կազմակերպուած։ Ընթացակարգերը մանրակրկիտ կերպով պահպանուած էին, եւ հաշուարկէն առաջ փոքր անհամապատասխանութիւնները ուշադիր ստուգուած էին։
«Թէեւ քարոզարշաւը խիստ բեւեռացուած էր, այնուամենայնիւ Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրողներուն տրուեցաւ արհեստավարժ կերպով կառավարուող ընտրական գործընթացին մէջ կենսունակ ու բազմակարծիք ընտրութիւն կատարելու հնարաւորութիւն, եւ անոնք օգտուեցան անկէ։ Ընտրատեղամասերու բացման եւ քուէարկութեան գործընթացները, դիտարկումներու ճնշող մեծամասնութեան շրջանակներուն մէջ, գնահատուած են դրական։ Քուէարկութեան գաղտնիութիւնը հիմնականին մէջ պահպանուած է։ Ձայներու հաշուարկի գործընթացը նոյնպէս գնահատուած է դրական»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
ԺՀՄԻԳ-ը պիտի հրապարակէ վերջնական զեկոյց ընտրական գործընթացի աւարտէն յետոյ քանի մը ամիս անց։ ԵԱՀԿ ԽՎ-ն իր զեկոյցը պիտի ներկայացնէ Մշտական յանձնաժողովի յաջորդ նիստին։ ԵԽԽՎ-ը իր զեկոյցը պիտի ներկայացնէ 2026 թուականի Սեպտեմբերին Սթրասպուրկի մէջ կայանալիք նստաշրջանի ընթացքին։ ԵԽ-ն իր զեկոյցը պիտի ներկայացնէ Հարաւային Կովկասի հետ յարաբերութիւններու պատուիրակութեան յառաջիկայ նիստերէն մէկուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան յատուկ յանձնաժողովին մէջ։

