Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՊՀ Դիտորդական Առաքելութիւնը Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնը Որակած Է Բաց Եւ Մրցակցային

ԱՊՀ Դիտորդական Առաքելութիւնը Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնը Որակած Է Բաց Եւ Մրցակցային

by MassisPost

ԱՊՀ դիտորդական առաքելութիւնը Յունիս 7-ին Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանի ընտրութիւնը անուանած է մրցակցային եւ բաց։

«ԱՊՀ դիտորդական առաքելութիւնը կ’եզրակացնէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները տեղի ունեցած են Սահմանադրութեաննու Ընտրական օրէնսգիրքին համապատասխան, եղած են բազմակուսակցական, բաց եւ մրցակցային»,- յայտնած է առաքելութեան ղեկավար Նուռլան Սեյթիմովը։

Անոր խօսքով՝ քուէարկութիւնը ընթացած է Ընտրական օրէնսգիրքի պահանջներուն համապատասխան, տեխնիկական սարքաւորումները, ընդհանուր առմամբ, աշխատած են անխափան, ձայներու հաշուարկի ընթացակարգը անցած է համաձայն ընտրական օրէնսդրութեան պահանջներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment