ԱՊՀ դիտորդական առաքելութիւնը Յունիս 7-ին Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանի ընտրութիւնը անուանած է մրցակցային եւ բաց։
«ԱՊՀ դիտորդական առաքելութիւնը կ’եզրակացնէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները տեղի ունեցած են Սահմանադրութեաննու Ընտրական օրէնսգիրքին համապատասխան, եղած են բազմակուսակցական, բաց եւ մրցակցային»,- յայտնած է առաքելութեան ղեկավար Նուռլան Սեյթիմովը։
Անոր խօսքով՝ քուէարկութիւնը ընթացած է Ընտրական օրէնսգիրքի պահանջներուն համապատասխան, տեխնիկական սարքաւորումները, ընդհանուր առմամբ, աշխատած են անխափան, ձայներու հաշուարկի ընթացակարգը անցած է համաձայն ընտրական օրէնսդրութեան պահանջներուն:

