Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Խուզարկութիւններ «Ուժեղ Հայաստան» Կուսակցութեան Լոռիի Քօղարկուած Եւ Յայտնի Գրասենեակներու Մէջ. Կան Ձերբակալուածներ

Խուզարկութիւններ «Ուժեղ Հայաստան» Կուսակցութեան Լոռիի Քօղարկուած Եւ Յայտնի Գրասենեակներու Մէջ. Կան Ձերբակալուածներ

by MassisPost

Ի պատասխան լրատուամիջոցներէն ստացուող բազմաթիւ հարցումներու՝ Հակափտածութեան Կոմիտէէն կը տեղեկացնեն, որ ընտրակաշառք տալու եւ քաղաքացիներու ընտրական իրաւունքի ազատ իրականացումը խոչընդոտելու նախապատրաստման դէպքերու առթիւ ՀՀ Հակափտածութեան Կոմիտէին մէջ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջանակներուն մէջ կատարուած են շարք մը խուզարկութիւններ եւ վարութային այլ գործողութիւններ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան՝ Լոռիի մարզին մէջ գործող գրասենեակներուն մէջ:

«Խուզարկութիւն է իրականացուել նաեւ «համակցուած կերերի» խանութի ներքոյ քօղարկուած գրասենեակում։ Կան ձերբակալուած անձինք: Կատարւում է նախաքննութիւն։ Անհրաժեշտութեան դէպքում կը տրուի լրացուցիչ տեղեկատուութիւն»,- կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment