Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Նիկոլ Փաշինեան Հայց Ներկայացուցած Է Դատարան՝ Ընդդէմ Սամուէլ Կարապետեանի

Նիկոլ Փաշինեան Հայց Ներկայացուցած Է Դատարան՝ Ընդդէմ Սամուէլ Կարապետեանի

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հայց ներկայացուցած է դատարան ընդդէմ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեանի:

Փաշինեան այս մասին յայտնեց լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:

Յիշեցնենք, որ Սամուէլ Կարապետեանը իր ասուլիսներէն մէկուն ժամանակ յայտնած էր, թէ իր տեղեկութիւններով «վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Չինաստանէն իր հետ զգայապատրանքներ յառաջացնող սունկեր բերած է եւ ամէն անգամ ելոյթ ունենալէ առաջ զանոնք կ’օգտագործէ»։

Փաշինեանը Կարապետեանի դէմ դատական հայց ներկայացուցած է այդ յայտարարութեան համար։

«Դա լուրջ մարդու յայտարարութիւ՞ն է: Խօսելուց առաջ մտածէք էլի, կամ ընդհանրապէս որեւէ բան անելուց առաջ մտածէք»,- ըսաւ Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment