ՀՀ Հակափտածութեան Կոմիտէի ծառայողներուն իրականացուած միջոցառումներուն շնորհիւ փաստական տուեալներ ստացուած են այն մասին, որ «Հայաստան»
կուսակցություններու դաշինքին աջակից եւ նոյն դաշինքին Սպիտակ բնակավայրին մէջ
գործող գրասենեակին ղեկավարը ՀՀ նախագահին՝ ՀՀ Ազգային Ժողովի հերթական
ընտրութիւնները նշանակելու մասին հրամանագրի՝ 2026 թուականի Փետրուարի
7-ին ուժի մէջ մտնելէ յետոյ բարեգործութիւն իրականացնելու օրէնսդրական
արգելքի պայմաններուն մէջ ընտրող հանդիսացող ՀՀ Լոռիի մարզի բնակիչին
անհատոյց տրամադրած է դրամական միջոց։
Բացի անկէ, այլ անձերու հետ խոչընդոտած է նոյն մարզի բնակիչի ընտրական
իրաւունքի ազատ իրականացումը, որ դրսեւորուած է վերջինիս նկատմամբ
բռնութիւն գործադրելու սպառնալիքով։
«Դէպքի առթիւ ՀՀ Հակափտծաութեան Կոմիտէում նախաձեռնուել է քրէական
վարոյթ, ձերբակալուել են մի շարք անձինք, կատարուել են խուզարկութիւններ
եւ վարութային այլ գործողութիւններ։
«Հակափտածութեան Կոմիտէն տեղեկացնում է, որ ընտրական գործընթացների
օրինականութեան ապահովումը շարունակում է մնալ որպէս առաջնահերթութիւն,
եւ ընտրական բնոյթի բոլոր իրաւախախտումները գտնւում են Կոմիտէի ամէնօրեայ
ուշադրութեան կեդրոնում՝ յիշեցնելով, որ ընտրակաշառք տալու եւ ստանալու
համար նախատեսուած է 7-ից մինչեւ 8 տարուայ ազատազրկում։ Յորդորում ենք զերծ
մնալ ընտրական գործընթացի նկատմամբ ցանկացած ապօրինի ներգործութիւնից՝
ապահովելով քաղաքացիների ազատ կամարտայայտման իրաւունքը»,- կ’ըսուի ՀԿԿ
հաղորդագրութեան մէջ:
«Հայաստան» դաշինքէն արձագանգած են, որ այս խուզարկութիւնն ու
ձերբակալութիւնները իրենց համար անակնկալ չէր, եւ իրենց անով չեն
վախցներ եւ թէ «իրաւապահ համակարգի նմանօրինակ գործելաոճը շատոնց արդէն դարձած է գործող վարչախումբին ձեռագիրը»։

