Հայաստանի Հանրապետութեան ԿԳՄՍ նախարարութեան կողմէ կազմակերպած «Սպորտի ոլորտում տարուայ լաւագոյնների ընտրութիւն» մրցոյթին յաղթողները յայտնի են:
Հաւատարմագրուած 15 լրագրողներու քուէարկութեան միջոցով ձեւաւորուեցաւ հետեւեալ պատկերը.
Լաւագոյն 3 մարզիկներ` Վարազդատ Լալայեան (ծանրամարտ), Մալխաս Ամոյեան (ըմբշամարտ), Արթուր Դաւթեան (մարմնամարզութիւն)
Լաւագոյն կին մարզիկ` Ալեքսանտրա Գրիգորեան (ծանրամարտ)
Հաշմանդամութիւն ունեցող լաւագոյն մարզիկ` Սարգիս Սարգսեան (շախմատ)
Լաւագոյն խումբ` Հայաստանի ֆութսալի հաւաքական
Լաւագոյն երիտասարդ մարզիկ` Գասպար Տէրտէրեան (ըմբշամարտ)
Տարուայ յայտնութիւն` Սուրէն Յարութիւնեան (քարաթէ)
Հայաստանի Հանրապետութիւնը լաւագոյնս հանրահռչակած մարզիկ` Համլէտ Մանուկեան (մարմնամարզութիւն)
Լաւագոյն մարզիչ` Փաշիկ Ալաւերտեան (ծանրամարտ)։

