ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան Սթամպուլի մէջ հանդիպած է Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան եւ անտառատնտեսութեան նախարար Իպրահիմ Եումաքլիի հետ։ Պապոյեան այս մասին գրած է Ֆէյսպուքի իր էջով։
Հանդիպման ընթացքին երկուստեք կարեւորած են Հայաստան-Թուրքիա կանոնաւոր շփումները եւ վերահաստատած են երկխօսութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը։
Իր հերթին, Թուրքիոյ նախարարը բարձր գնահատած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին այցելութիւնը Թուրքիա՝ ընդգծելով անոր դրական ազդեցութիւնը երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման համար։
«Քննարկեցինք Կարս-Կիւմրի երկաթուղային հաղորդակցութեան վերաբացման հնարաւորութիւնները, TRIPP ծրագրի միջոցով առաջացող տնտեսական, լոկիսթիկ եւ առեւտրային նոր հնարաւորութիւնները երկու երկրների համար։
«Զրոյցի ընթացքում անդրադարձ է կատարուել շուկաների բազմազանման, լոկիսթիկ նոր ուղիների ձեւաւորման, փոխադարձ տնտեսական հետաքրքրութիւնների ընդլայնման հնարաւորութիւններին։
«Քննարկուել են նաեւ գիւղատնտեսութեան ոլորտում համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր, մասնաւորապէս՝ գիւղապահովագրութեան, կարկտահարութեան եւ կենդանիների հիւանդութիւնների դէմ համատեղ պայքարի վերաբերեալ»,- գրած է Պապոյեան։
Հանդիպման մասնակցած է նաեւ BSEC-ի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանը։

