Հռոմի Լեւոն 14-րդ պապը Թուրքիոյ իր այցին չորրորդ եւ վերջին օրը սկսաւ աղօթքով Սթամպուլի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։
Իր խօսքին մէջ պապը ողջունած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ գտնուող ամբողջ Հայ Առաքելական համայնքը։
Ան գոհութիւն յայտնած է Աստուծոյ «հայ ժողովուրդի քաջարի քրիստոնէական վկայութեան համար պատմութեան ամբողջ ընթացքին, յաճախ՝ ողբերգական պայմաններու մէջ»։
Լեւոն 14-րդ յիշեցուցած է, որ Հռոմի պապին եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքին միջեւ առաջին համատեղ հռչակագիրը ստորագրուած է 1970 թուականի Մայիսին՝ Պօղոս 6-րդ պապի եւ Վազգէն Ա. կաթողիկոսին միջեւ։ «Այդ ժամանակէն ի վեր, Աստուծոյ շնորհքով, մեր Եկեղեցիներուն միջեւ «գթասրտութեան երկխօսութիւնը» ծաղկում ապրած է», – ըսած է ան։
Հռոմի պապը յայտնած է, որ Թուրքիա իր այցը նուիրուած է Նիկիական հանգանակին, քանի որ Եկեղեցին կը նշէ Նիկիոյ տիեզերաժողովի 1700-ամեակը, եւ յիշեցուց Եկեղեցւոյ գոյութեան առաջին դարերուն Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ տիրող միասնութեան մասին։
«Մենք պէտք է ոգեշնչուինք վաղ եկեղեցւոյ փորձէն՝ լիակատար հաղորդութիւնը վերականգնելու համար, որ չ’ենթադրեր կլանում կամ տիրապետութիւն, այլ մեր եկեղեցիներուն կողմէ Սուրբ Հոգիէն ստացուած պարգեւներու փոխանակում՝ Հայր Աստուծոյ փառքին եւ Քրիստոսի մարմնի կառուցման համար», – ըսած է Հռոմի Լեւոն 14-րդ պապը։

