Պաքու կ’ուզէ, որ Եւրոպական Միութիւնը ներգրաւուած ըլլայ այն նախագիծին մէջ, որ Ատրպէյճանի մէջ, այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք» կ’անուանեն։
Պաքուի ցանկութիւններուն մասին խօսած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ «EU Today»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ։
Հաճիեւ «Զանգեզուրի միջանցքը» ներկայացուզած է որպէս «միջին միջանցքի» կարեւոր մաս, որ կը կապէ Չինաստանը, Կեդրոնական Ասիան եւ Եւրոպան։
Ան յայտնած է, որ այն պիտի ունենայ փոխակերպական ազդեցութիւն եւրասիական փոխադրութեան տարածքին վրայ, իսկ Ատրպէյճանը այս գործընթացին մէջ ինքզինք կը տեսնէ «առանցքային դերակատար»։
Հաճիեւ վստահեցուցած է, որ «պատերազմը աւարտած է Ատրպէյճանի համար, եւ հակամարտութիւնը աւարտած է», եւ անհրաժեշտ է ամրապնդել խաղաղութիւնը, որ պէտք է բերէ «բարգաւաճում եւ զարգացում»՝ ստեղծելով փոխկախուածութիւն հարեւաններուն միջեւ։
Ան նաեւ յայտնած է, որ Արեւելք-արեւմուտք եւ Հիւսիս-հարաւ կապերու ընդլայնման պարագային Հայաստան կրնայ «փակուղիէն» դառնալ տարանցիկ երկիր։
Պաշտօնական Պաքուի կողմէ յաճախ հնչող «Զանգեզուրի միջանցք» եզրոյթ անընդունելի է պաշտօնական Երեւանի համար։ Հայաստան բազմիցս վերահաստատած է, որ Ատրպէյճանի պաշտօնեաներու տուեալ խօսոյթը որեւէ կերպ չի կրնար վերաբերիլ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին։
Հայաստանի ինքնիշխան տարածքով Ատրպէյճանի բուն տարածքը Նախիջեւանին կապող ապագայ ճանապարհը պաշտօնապէս կը կոչուի TRIPP: Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած հռչակագրին համաձայն Հայաստանն ու ԱՄՆ-ն փոխադարձաբար համաձայնեցուած երրորդ կողմերու հետ պիտի աշխատին՝ Հայաստանի տարածքին «Թրամփի ուղիի» իրականացման շրջանակը սահմանելու նպատակով։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, անդրադառնալով այս նախագիծին մէջ երրորդ կողմի ներգրաւման, յայտնած է, որ Եւրոմիութիւնը վստահելի գործընկեր է Հայաստանի համար։ Եւ երրորդ կողմը կրնայ ներգրաւուիլ միայն Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի համաձայնութեան պաարգային։

