Forbes-ի ռուսաստանեան խմբագրութիւնը 20 ապրիլին հրապարակած է ՌԴ ամենահարուստ ձեռնարկատէրերու 14-րդ վարկանիշը, ուր եօթ հայազգի գործարարներ կան: Ցանկին մէջ ներառուած եօթ հայ գործարարներու ընդհանուր կարողութիւնը կազմած է 15 միլիառ 350 միլիոն ԱՄՆ տոլար:
ՌԴ ամենահարուստ մարդոց վարկանիշային աղիւսակին մէջ 18-րդն է «Մակնիթ» մանրածախ ցանցի գլխաւոր տնօրէն եւ հիմնական բաժնետէր Սերկէյ Կալիցքին (Յարութիւնեան): Անոր կարողութիւնը կը գնահատուի 6.8 միլիառ ԱՄՆ տոլար:
«Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի նախագահ եւ հիմնադիր Սամուէլ Կարապետեան 32-րդ հորիզոնականին վրայ է՝ 3.4 միլիառ ԱՄՆ տոլար կարողութեամբ:
Վարկանիշի 48-րդ հորիզոնականին է «Ռոսկոսստրախի» նախագահ Տանիիլ Խաչատուրովը` 2 միլիառ տոլարով:
ՌԴ սոցիալական ձեռներէցութեան առաջատարներէն մէկը` ներդրող եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեան 99-րդ տեղը գրաւած է` 950 միլիոն տոլար կարողութեամբ:
Վարկանիշի 123-րդ տեղն է Wooden Fish Agency-ի դիտորդական խորհուրդի ղեկավար Ալպերթ Ավտալեանը` 800 միլիոն տոլարով:
«ՌԵՍՕ-Կարանթիա» ընկերութեան ղեկավարներ Նիկոլայ եւ Սերկէյ Սարգիսովները 700 -ական միլիոն տոլարով կը զբաղեցնեն համապատասխանաբար 146 եւ 147-րդ տեղերը:
200 ամենահարուստ գործարարներու համախումբ կարողութիւնը մէկ տարուան մէջ աճած է $100 միլիառով՝ հասնելով $460 միլիառի:
Տոլարային միլիառատէրերու քանակը աւելցած է՝ 77-էն հասնելով 96-ի: Ցուցակին մէջ կրնան ընդգրկուիլ այն գործարարները, որոնց կարողութիւնը առնուազն 500 միլիոն տոլար է:
Ցուցակը երկրորդ տարին անընդմէջ կը գլխաւորէ ՌԴ խոշորագոյն մասնաւոր կազ արդիւնահանող «Նովաթէք» ընկերութեան համասեփականատէր Լեոնիտ Միխէլսոնը: Անոր կարողութիւնը Forbes-ը գնահատած է 18.4 միլիառ ԱՄՆ տոլար: