Մոսկուան պատրաստ է հարթակ տրամադրելու Երեւանի եւ Պաքուի ներկայացուցիչներուն միջեւ բանակցութիւններու համար եւ պիտի ստեղծէ ամենայարմար պայմանները։
Ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
Անոր խօսքով՝ տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման աշխոյժ նախապատրաստման կարեւորութիւնը յատկապէս ընդգծուած է Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու՝ 2022 թուականի Հոկտեմբեր 31-ի յայտարարութեան մէջ:
Զախարովան յիշեցուցած է, որ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է նաեւ «շարունակելու փոխընդունելի լուծումներու որոնումը՝ հիմնուած առկայ զարգացումներուն վրայ»։
«Ռուսաստանի Դաշնութիւնը խոստացած է շարունակել հնարաւոր աջակցութիւն ցուցաբերել անոր։ Այսինքն՝ մեր մօտեցումը ոչ միայն կայուն է, այդ արձանագրուած է նաեւ ստորագրած փաստաթուղթին մէջ։ Ի հարկէ, նման օգնութեան ծաւալն ու ձեւը պէտք է ընդունելի ըլլան բանակցող կողմերէն իւրաքանչիւրին համար։
Ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համահունչ՝ Մոսկուան բազմիցս ընդունած է հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու փուլեր՝ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին շուրջ։ Պատրաստ ենք, ինչպէս միշտ ընդգծած եմ, շարունակելու այդ ընել։ Մենք կ՛երաշխաւորենք ամենայարմարաւէտ պայմաններու ստեղծումը երկու պատուիրակութիւններու աշխատանքին համար իրենց նախընտրած երկկողմ ձեւաչափով»,- ըսած է դիւանագէտը։
Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս յաւելած է Զախարովան, Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կ’ողջունէ իր ղազախ գործընկերներուն ջանքերը, որոնք նախաձեռնած եւ կազմակերպած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն հանդիպումը Մայիս 10-11-ին Ալմաթիի մէջ։
Զախարովան նշած է, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կողմերուն միջեւ հաւասարակշռուած խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը կը համարէ անփոխարինելի նախապայման տարածաշրջանին մէջ անբաժանելի անվտանգութեան եւ կայուն տնտեսական զարգացման ճարտարապետութեան կառուցման համար:
Ան յոյս յայտնած է, որ առկայ տարաձայնութիւնները շուտափոյթ կը լուծուին, եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման այլ ոլորտներուն մէջ յաջող յառաջընթաց կը կատարուի ամենաբարձր մակարդակով երկկողմ պայմանաւորուածութիւններուն համապատասխան:
«Հարաւային Կովկասի ճակատագիրն ու ապագան պէտք է որոշեն բացառապէս տարածաշրջանի երկիրները եւ հարեւան գործընկեր պետութիւնները։ Եւ դուրսէն ոչ ոք հաստատ խաղաղութիւն ու բարեկեցութիւն պիտի չբերէ մեր ընդհանուր տան։ Ատիկա ապացուցուած է դարերով»,- ընդգծած է ան։

