Եւս մէկ անգամ կ’ապացուցուի այն կանխավարկածը, որ ընդդիմութիւնը ամէն ինչ կ’ընէր, որ Յունիս 12-ին նոր «Մարտ 1» ստանար եւ մեր ձեռքերուն արիւն քսէր:
Այս մասին Պետրոս Ղազարեանի հետ հարցազրոյցին ըսած է Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահագն Ալեքսանեանը՝ մեկնաբանելով ընդդիմութեան՝ Յունիս 12-ի դէպքերը ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողով ձեւաւորելու մտադրութիւնը:
«Հենց դրանով էր պայմանաւորուած, որ ամէն ինչ արեցին, որ բախումը տեղի ունենայ, Գալստանեանը խնդրում էր ոստիկաններին հանել սաղաւարտները, ասում էր՝ ձեզ ոչինչ չի լինի: Ասելուց ընդամէնը 20-30 րոպէ յետոյ ոստիկանների գլխին սկսեցին քարեր նետել: Այդ ամէն ինչը նպատակ ունէր ստանալ տրամաթիք պատկեր, կ’ուզենային, որ զոհեր լինէին, հնարաւորինս շատ արիւն թափուէր, սակայն դա տեղի չունեցաւ:
«Դա իրենց ծրագրի յաջորդ քայլը պէտք է լինէր, որ զոհեր լինէին, յետոյ՝ քննիչ յանձնաժողով: Առաւելագոյնս «Մարտի 1»-ի ազդեցութիւն էին փորձում ստանալ, բայց քանի որ իրենց ծրագիրը իրենց նման ապիկար էր ու չյաջողուեց որպէս այդպիսին, այդ քննիչ յանձնաժողովը մեծ հաշուով առնուազն լրջութիւն չեմ կարծում, որ ստանայ:
«Փաստացի ցոյցի ժամանակ չեն ստացել իրենց երազած «Մարտի 1»-ի ազդեցութիւնը, բայց հիմա փորձում են ամէն դէպքում հետագայ քայլերն անել այնպէս, կարծես թէ ստացել են: Ո՛չ, իրենց չի յաջողուել Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնում քաղաքացիների արիւն թափել»,- ըսաւ Ալեքսանեանը:
Յիշեցնենք՝ Յունիս 12-ին Բաղրամեան պողոտային վրայ՝ Վազգէն Գալստանեանի գլխաւորած հաւաքին ժամանակ, իրավիճակը լարուած էր, ցուցարարները դարձած էին անկառավարելի, անոնք շարունակաբար սադրած էին ոստիկաններուն, հրած ու քաշքշած զանոնք, նետած տարբեր իրեր, ապա՝ փորձած են ճեղքել ոստիկանական պատը եւ հասնիլ Ազգային Ժողովի շէնք, ուր տեղի կ’ունենար ԱԺ-կառավարութիւն հարցուպատասխանը:
Ոստիկանութիւնը ստիպուած եղած էր կիրառել յատուկ միջոցներ՝ լուսաձայնային եւ ծխարձակող նռնակներ:
Գործողութիւններու հետեւանքով տուժած էին թէ՛ ցուցարարներ, թէ՛ ոստիկաններ:
ՀՀ Ազգային Ժողովի «Պատիւ Ունեմ» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւնները կը պահանջեն Յունիս 12-ի դէպքերը ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողով ձեւաւորել: Այս մասին յայտնած էր «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեանը՝ Երեւանի Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ Վազգէն Գալստանեանի հրաւիրած հաւաքին ժամանակ։

