Կիպրոսը համակարգուած պիտի աշխատի ԵՄ-Հայաստան երկխօսութեան ամրապնդման ուղղութեամբ: Կիպրոսի արտաքին գործերու նախարար Կոնստանդինոս Գոմպոս այս մասին յայտարարած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին:
«Կիպրոսը համակարգուած պիտի աշխատի ԵՄ-Հայաստան երկխօսութեան ամրապնդման ուղղութեամբ, պիտի աջակցինք տնտեսական եւ քաղաքական միջոցառումներուն, որոնք Հայաստանը պիտի մօտեցնեն ԵՄ-ին», ըսած է նախարարը: