Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պրիւքսէլի Մէջ Պիտի Հանդիպին Հայաստանի Ու Ատրպէյճանի Առաջնորդները` Եռակողմ Ձեւաչափով

Պրիւքսէլի Մէջ Պիտի Հանդիպին Հայաստանի Ու Ատրպէյճանի Առաջնորդները` Եռակողմ Ձեւաչափով

by MassisPost

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու ուաշինկթընեան բանակցութիւններէն յետոյ այս շաբաթավերջին ալ Պրիւքսէլի մէջ պիտի հանդիպին Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդները` եռակողմ ձեւաչափով: Եւրոպական Խորհուրդի նախագահի գրասենեակը կը հաղորդէ առանց յստակացնելու, թէ ճիշդ ինչ հարցերու շուրջ պիտի ընթանան Շարլ Միշէլի միջնորդութեամբ բանակցութիւնները:

«Նախագահ Միշէլ կը շարունակէ սերտ կապի մէջ ըլլալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ` Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնը խթանելու եւ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած Եւրոմիութեան ջանքերը յառաջ մղելու համար», կը յայտնեն Եւրոպական Խորհուրդէն` տեղեկացնելով, որ արդէն կայ պայմանաւորուածութիւն Յունիս 1-ին նաեւ հնգակողմ հանդիպում կայացնել` Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի մասնակցութեամբ Մոլտովայի մէջ` Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովի ծիրին մէջ:

Միշէլ նաեւ մտադրութիւն յայտնած է հրաւիրելու Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ առաջնորդները երկրորդ հանդիպում կայացնելու Հոկտեմբերին Սպանիոյ մէջ` Եւրոպական քաղաքական համայնքի յաջորդ հաւաքի ծիրին մէջ:

«Միշէլը, Փաշինեանը եւ Ալիեւը նաեւ պայմանաւորուած են շարունակել եռակողմ հանդիպումները Պրիւքսէլի մէջ այնքան յաճախ, որքան անհրաժեշտ է` ընթացող զարգացումներուն եւ պրիւքսէլեան հանդիպումներու օրակարգային հարցերուն անդրադառնալու համար», կը յայտնէ Եւրոպական Խորհուրդը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment