Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Ղեկավարները Այցելած Են «Յաղթանակ» Զբօսայգի

Հայաստանի Ղեկավարները Այցելած Են «Յաղթանակ» Զբօսայգի

by MassisPost

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը, նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանն ու բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակին առթիւ այցելած են «Յաղթանակ» զբօսայգի, ծաղիկներ խոնարհած՝ Անյայտ զինուորի յուշարձանին, յարգանքի տուրք մատուցելով զոհուածներու յիշատակին, շնորհաւորած՝ Հայրենական մեծ պատերազմի վեթերանները:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստան չի գտնուիր, ան Ռուսիոյ նախագահիպ հրաւէրով մեկնած է Մոսկուա` ներկայ գտնուելու Մայիս 9-ի զօրահանդէսին:

Հայրենական մեծ պատերազմի հերոսներու սխրանքները վերյիշելու, վերարժեւորելու, վեթերանները եւս մէկ անգամ յարգանքի տուրք մատուցելու նպատակով «Անմահ Գունդ» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ Յաղթանակի օրը` Մայիս 9-ին, վեթերաններու մասնակցութեամբ բազմամարդ երթ կատարուեցաւ դէպի Յաղթանակի զբօսայգիի անմար կրակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment