Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Պէտք Է Առաջնորդուի` Ելլելով Իր Անհրաժեշտութենէն, Ոչ Թէ Ուքրանական Պատկերացումէն․ Բադալեան

Հայաստան Պէտք Է Առաջնորդուի` Ելլելով Իր Անհրաժեշտութենէն, Ոչ Թէ Ուքրանական Պատկերացումէն․ Բադալեան

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութիւնը Երկրորդ Աշխարհամարտին յաղթանակի մոսկովեան ռազմական շքերթին պայմանաւորուած է Հայաստանի անվտանգութեան մարտահրաւէրները կառավարելու խնդիրով, կը կարծէ քաղաքական մեկնաբան Յակոբ Բադալեանը:

Այս միջոցառումին ԱՊՀ երկիրներու առաջնորդներուն մասնակցութիւնը յարուցած է Ուքրանիոյ իշխանութիւններուն վրդովմունքը:

«Հայաստանը գտնւում է շատ բարդ մարտահրաւէրների առաջ եւ Հայաստանի համար արդարացուած է այդ մարտահրաւէրների հարցում էական նշանակութիւն ունեցող բոլոր դերակատարների հետ աշխատանքը, այդ թւում` նաեւ Մոսկուայի հետ», ըսաւ Բադալեանը:

45 վայրկեան տեւած ռազմական շքերթին կը մասնակցէին նաեւ Ղազախիստանի, Ղրղըզիստանի, Տաճիկիստանի, Պելառուսիոյ, Թուրքմէնիստանի եւ Ուզպեքիստանի ղեկավարները:

Յատուկ յայտարարութեամբ Ուքրանիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը դատապարտեց առաջնորդներուն մասնակութիւնը միջոցառման` նշելով, որ «պատերազմական յանցագործի հետ նշուած օտարերկրեայ պետութիւններու ղեկավարներուն մասնակցութիւնը» «անբարոյական եւ ոչ-բարեկամական քայլ է Ուքրանիոյ նկատմամբ»:

Պաշտօնական Քիեւը կը պնդէ, որ ռազմական յանցագործութիւններուն համար միջազգային արդարադատութեան կողմէ հետախուզուող Փութինը այդ միջոցառման ընթացքին ելոյթ ունենալով «արդարացուցած է ուքրանացիներուն սպանութիւնը, ուքրանական քաղաքներու եւ գիւղերու աւերումը, ուքրանացի երեխաներուն առեւանգումը»:

«Բնականաբար, մենք պէտք է առաջնորդուենք մեր անհրաժեշտութիւններից ելնելով եւ ոչ թէ ելնելով ուքրանական պատկերացումներից», ըսաւ Բադալեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment