Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ Վարչակազմը Կը Շարունակէ Աշխատիլ Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Ուղղութեամբ

ԱՄՆ Վարչակազմը Կը Շարունակէ Աշխատիլ Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Ուղղութեամբ

by MassisPost

Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման գործընթացը կը գտնուի ԱՄՆ պետական քարտուղարի ուշադրութեան կեդրոնին: Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակի տեղակալ Վետանթ Փաթելը լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին:

«Այս վարչակազմը, մենք կը շարունակենք աշխատիլ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ուղղութեամբ: Անոր վրայ բաւական կեդրոնացած է նաեւ անձամբ պետական քարտուղարը: Եւ հետեւաբար, մենք կ’ողջունենք որեւէ ջանք, որ մեզ կ’օգնէ հասնելու կայուն խաղաղութեան», ըսած է Փաթել:

Դիւանագէտին նաեւ հարց ուղղած են` արդեօ՞ք կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնոն, որ տուեալ պաշտօնին նշանակուած է արդէն աւելի քան երկու շաբաթ առաջ, չի պատրաստուիր մեկնելու տարածաշրջան: Դիւանագէտը նշած է, որ անոր այցին համար խոչընդոտներ չկան, սակայն ճամբորդութիւններու ծրագիրներուն մասին առայժմ տեղեկութիւններ չկան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment