Տարածաշրջանային այցի ծիրին մէջ յառաջիկայ օրերուն Հայաստան պիտի ժամանէ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Աիսին: «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցին տեղեկութիւնը հաստատեց ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Աղասի Մարգարեանը:
«Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսին տարածաշրջանային այցով առաջիկայ օրերին գալիս է Հայաստան», ըսաւ Մարգարեան:
Տարածաշրջանային այցի ծիրին մէջ Եգիպտոսի նախագահը այժմ Հնդկաստան կը գտնուի, ան պիտի այցելէ նաեւ Ատրպէյճան:
Հայաստան այցի ծիրին մէջ նախատեսուած է հանդիպում ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ: Վարչութեան պետին խօսքով` սա երկար սպասուած այց է, նախաձեռնութիւնը, հրաւէրը եղած է հայկական կողմէն: Այս այցին նպաստած է նաեւ նախորդ տարուան Նոյեմբերին ՀՀ նախագահի այցելութիւնը Եգիպտոս. Շարմ Ալ Շէյխի մէջ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան շրջանակային ուխտի կողմերու 27-րդ համագումարի (COP-27) ծիրին մէջ այդ մասին եւս խօսուած է: Աղասի Մարգարեանի խօսքով` նախագահին այդ այցը հնարաւորութիւն տուած է Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Փօլատեանին աւելի մեծ ջանքեր ներդնելու, որ այցը ստացուի: