Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Սեղանին Պիտի Դրուի ՆԱԹՕ-էն Թուրքիոյ Հեռացման Հարցը»․ Bloomberg

«Սեղանին Պիտի Դրուի ՆԱԹՕ-էն Թուրքիոյ Հեռացման Հարցը»․ Bloomberg

by MassisPost

Ամերիկեան «Bloomberg» գործակալութիւնը անդրադարձած է ՆԱԹՕ-Թուրքիա փոխյարաբերութիւններուն` նշելով, որ դաշինքին առաջնորդները պէտք է ճնշում գործադրեն Էրտողանի վրայ, որպէսզի վերջինս հաւանութիւն տայ սքանտինաւեան երկիրներու անդամակցութեան ՆԱԹՕ-ին:

Հակառակ պարագային, ըստ ամերիկեան լրատուական գործակալութեան հրապարակած յօդուածին, պէտք է օրակարգ բերուի Թուրքիան ՆԱԹՕ-էն վտարելու հարցը:

Յօդուածին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Էրտողան իր ազգայնական ընտրողներու աջակցութեան կարիքն ունի նաեւ յառաջիկային կայանալիք ընտրութիւններէն առաջ, ուստի ան այդ ուղղութեամբ քայլ պիտի չընէ: Ըստ հրապարակման` Թուրքիոյ յամառութիւնը ոչ միայն կը վտանգումէ սքանտինաւեան երկիրներու անդամակցութեան նպատակները, այլեւ` Եւրոպայի անվտանգութիւնը:

«Bloomberg»-ի խմբագիրներու առաջարկին համաձայն` ՆԱԹՕ-ի առաջնորդները պէտք է ճնշեն Էրտողանին, որպէսզի ան հաւանութիւն տայ սքանտինաւեան երկիրներու անդամակցութեան ամենաուշը մինչեւ Մայիս 18: Եթէ Թուրքիան դիմադրէ, ապա ԱՄՆ Գոնկրէսը պէտք է պատասխան տայ` դադրեցնելով «F-16» կործանիչներու վաճառքը Անգարային: ՆԱԹՕ-ն պէտք է նուազեցնէ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը համատեղ աշխատանքներուն, զօրավարժութիւններուն, եւ Էրտողան պէտք չէ մասնակցի Յուլիսին կայանալիք ՆԱԹՕ-ի ղեկավարներու գագաթաժողովին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment