Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Կոչ Կ’ընէ Լիովին Վերականգնելու Լաչինի Միջանցքով Ազատ Տեղաշարժը` Ներառեալ Առեւտրային Եւ Մասնաւոր Ուղեւորութիւնները

ԱՄՆ Կոչ Կ’ընէ Լիովին Վերականգնելու Լաչինի Միջանցքով Ազատ Տեղաշարժը` Ներառեալ Առեւտրային Եւ Մասնաւոր Ուղեւորութիւնները

by MassisPost

ԱՄՆ տարբեր մտահոգութիւններ ունի` կապուած հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու ընթացքին հետ, եւ այդ մտահոգութիւններէն մէկը կը վերաբերի Լաչինի միջանցքին: Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը լրագրողներու հետ ասուլիսի ժամանակ` ընդգծելով խնդիրներու լուծման համար ուղիղ երկխօսութեան կարեւորութիւնը:

«Մենք յոյս ունինք տեսնելու ուղիղ երկխօսութիւն, որ պիտի յանգեցնէ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը վաղուց բաժնող խնդիրներու լուծման, եւ այդ երկխօսութեան միջոցով, յուսանք, տեւական խաղաղութիւն կը հաստատուի: Մենք կը շարունակենք ուղիղ քննարկումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ. մենք այդ կ’ընենք երկկողմանի, մենք այդ կ’ընենք գործընկերներուն հետ, մենք այդ կ’ընենք բազմակողմ հիմնարկներու միջոցով: Անցեալ տարի նոյնպէս քանի մը անգամ առիթ ունեցած ենք այդ ընել եռակողմ: Մենք պիտի ընենք այն ամէնը, ինչ ամենաարդիւնաւէտն է այս շատ զգայուն հարցերուն լուծում տալու համար», ըսած է Փրայս:

Անդրադառնալով Լաչինի միջանցքի արգելափակման` դիւանագէտը հերթական անգամ ուշադրութիւն հրաւիրած է անոր հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակին:

«Մեզ կը մտահոգէ, որ այնտեղ իրավիճակը կը վատթարանսյ: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակին վատթարացումը եղած է ոչ միայն պետական քարտուղարին, այլեւ այս հաստատութեան մէջ գտնուող միւսներու ուշադրութեան կեդրոնին: Լաչինի միջանցքին երկայնքով բնական առեւտրային եւ մասնաւոր ուղեւորութիւններու շարունակուող խոչընդոտումը սնունդի, վառելանիւթի եւ դեղորայքի պակաս կ’առաջացնէ բնակիչներուն համար, որոնք այդ հիմնական պաշարներուն համար կախուած են տուեալ միջանցքէն: Բնական կազի եւ այլ հիմնական ծառայութիւններու պարբերական խափանումները աւելի կը խորացնեն վատթարացող մարդասիրական իրավիճակը», ըսած է դիւանագէտը:

Նետ Փրայս նաեւ ընդգծած է Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած փակուղային իրավիճակը լուծելու կարեւորութիւնը:

«Մենք կոչ կ’ըենք լիովին վերականգնելու միջանցքով ազատ տեղաշարժը, ներառեալ առեւտրային եւ մասնաւոր ուղեւորութիւնները: Կը կարծենք, թէ այս փակուղային իրավիճակին համար հարկաւոր է լուծում, որ պիտի ապահովէ տարածքին մէջ ապրող բնակչութեան անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը, եւ մենք կը կարծենք, թէ յառաջընթացի ճանապարհը, ինչպէս աւելի վաղ ըսի, բանակցութիւններու միջոցով է: Մենք հաւատարիմ կը մնանք տեւական խաղաղութեան աջակցելուն», եզրափակած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment