Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Եւրոպական Միութեան Պաշտօնեաները

Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Եւրոպական Միութեան Պաշտօնեաները

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստան գտնուող՝ Եւրոպական միութեան խորհուրդին մէջ ֆրանսական նախագահութեան ներկայացուցիչ, Ֆրանսայի նախագահի գրասենեակի խորհրդական Իզապէլ Տիւմոնի եւ Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի ղեկավարած պատուիրակութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի լիցքաթափման ու կայունութեան ապահովման ուղղուած քայլերուն, ինչպէս նաեւ 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին: Միտքեր փոխանակուած են Սոչիի մէջ Ռուսաստանի նախագահին, ինչպէս նաեւ Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին ու Ֆրանսայի նախագահին միջնորդութեամբ կայացած Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումներու արդիւնքներուն ու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն իրականացման վերաբերեալ:

Ընդգծուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական կարգաւորման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին ներքոյ խաղաղ գործընթացի լիարժէք գործարկման եւ համանախագահներու գործունէութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը:

Թոյվօ Քլաարիի գլխաւորած առաքելութիւնը Երեւանի մէջ ընդունած են նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը եւ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

Նշենք, որ երէկ Թոյվօ Քլաարը Պաքուի մէջ հանդիպած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment