Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կայացած Է Փաշինեան-Փութին Հեռախօսազրոյց

Կայացած Է Փաշինեան-Փութին Հեռախօսազրոյց

by MassisPost

Հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ հեռախօսազրոյց տեղի  ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ:

ՌԴ նախագահի մամուլի ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ երկու երկիրներու ղեկավարները անդրադարձած  են Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին, 2021 թուականի Յունուար 11-ին եւ Նոյեմբեր 26-ին եռակողմ յայտարարութիւններուն մէջ արձանագրուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման, ինչպէս նաեւ քննարկած են սահմանազատման եւ սահմանագծման հետ կապուած հարցեր:

Նշուած է նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջոցով աշխատանքը շարունակելու նպատակայարմարութիւնը: Երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են նաեւ ՀԱՊԿ շրջագիծէն ներս հետագայ համագործակցութեան հեռանկարները:

Քրեմլինի հաղորդագրութեան համաձայն, Փաշինեանի խնդրանքով Ռուսաստանի նախագահը հակիրճ անդրադարձ  կատարած է նաեւ ԱՄՆ-ի հետ Ռուսաստանի անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ բանակցութիւններու ընթացքին:

Քրեմլինէն յետոյ հաղորդագրութիւն տարածեց նաեւ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը, որուն բովանդակութիւնը գրեթէ նոյնն է, սակայն անդրադարձ չկայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի եւ ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններու մասին զրոյցին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment