Դարպասային երկու փոխանցումներէ ու տպաւորիչ խաղէ յետոյ երէկ «Մանչեսթր Եունայթըտի» երկրպագուները կրկին Հենրիկ Մխիթարեանին ճանչցան «հանդիպման լաւագոյն ֆութպոլիսդ»՝ արդէն երկրորդ անգամ վերջին մէկ շաբաթուան մէջ:
««Ուեսթ Հեմի» հետ 4:1 հաշուով աւարտուած խաղեն ետք «կարմիրները» ստացան Անգլիական լիկայի գաւաթի կիսաեզրափակիչ դուրս գալու ուղեգիր, իսկ խումբի մարզիչ Ժոզէ Մոուրինոն՝ յստակ կարգադրութիւն երկրպագուներու կողմէ՝ այլեւս երբեք Մխիթարեանին չթողնել պահեստայիններու նստարանին»,- գրած են բրիտանացի մարզական մեկնաբանները:
Հանդիպումէն յետոյ «Մանչեսթրի» պաշտօնական կայքին 27 ամեայ ֆոթպոլիսդը՝ ըսած է․ «Մենք ցուցադրեցինք մեր լաւագոյն որակները, եւ պէտք է նոյն ոգիով պատրաստուինք յաջորդ հանդիպմանը»:
Մխիթարեանի խաղէն ակնյայտօրէն գոհ էր նաեւ պահանջկոտ ժոզէ Մոուրինոն, որ մինչեւ օրս շարունակ պնդած էր, թէ ամառը Տորթմունտի «Պորուսիա»-էն «Մանչեսթր» տեղափոխուած կիսապաշտպանը դեռ պէտք է աշխատի ինքն իր վրայ՝ Առաջին լիկայի չափանիշներուն համապատասխանելու համար:
Հեղինակաւոր Էս-Փի-Էն-Սի-ի ֆութպոլային յաւելուածի մեկնաբանները, երէկուան խաղէն յետոյ արդէն կասկածի տակ դրած են Մոուրինոյի կոշտ ռազմավարութիւնը Մխիթարեանի հանդէպ:
«Ֆութպոլ 365»-ը պնդած է, թէ Մոուրինոն Մխիթարեանի հարցով համոզիչ ու անկեղծ չէր:
«Եւրոսփորթ»-ը ամփոփած է․ – «Մխիթարեանը կրկին խաղաց արագութեամբ, ոգեւորութեամբ, վստահ ու վառ երեւակայութեամբ»:
Բրիտանացի յայտնի մարզական մեկնաբան Լայամ Քանինկը երէկուան խաղէն յետոյ Թուիթըրի վրայ գրած է․ «Ամբողջ օրը կարող եմ անցկացնել՝ նայելով, թէ ինչպէս Մխիթարեանը կը խաղայ․ միշտ յստակ գիտէ՝ երբ պէտք է փոխանցում ընել, գնդակը վարելու նուրբ տեխնիկա ունի եւ շատ խելացի է»: