Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հիւսիս-Հարաւ»-ի Շինարարութիւնը Շարք մը Խնդիրներ Յարուցած է

«Հիւսիս-Հարաւ»-ի Շինարարութիւնը Շարք մը Խնդիրներ Յարուցած է

by MassisPost

Արագածոտնի մարզի Աղձք գիւղի բնակիչները բողոքած են, որ «Հիւսիս-Հարաւ» մայրուղին երկու մասի՝ «հիւսիսի եւ հարաւի» կը բաժնէ իրենց բնակավայրը: Անոնք պահանջած են գիւղի երկու հատուածները կապող կամուրջը կառուցել իրենց յարմար վայրին մէջ։ Աշտարակ-Գիւմրի մայրուղիի վրայ կառուցուելիք կամուրջը, ըստ նախագիծի, պիտի տեղակայուի ոչ թէ գիւղի մուտքի մօտ, այլ մի քանի քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, ուր գիւղէն դէպի կամուրջ տանող ճանապարհ չկայ։ Գիւղացիները դէմ են այս նախագծին, սակայն, ինչպէս Աղձքի գիւղապետ Արթուր Աւետիսեան ըսած է, անիկա չհաստատելու պարագային, կրնան այդ ալ չունենան։

«Լաւ գործ են անում, բայց թող էնպէս անեն, որ մեզ էլ յարմար լինի։ Ես մի քանի հատ հող ունեմ էդ տարածքում, հիմա ո՞նց եմ ես տեխնիկա տանելու էդ հողեր», «Մենք չենք կարողանալու խոտ բերել մեր դաշտերից, չենք կարողանալու այգիներն օգտագործել»,- բողոքեցին հողագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ զբաղող գիւղացիները:

Երթեւեկի փոխնախարար Արթուր Առաքէլեան փոխանցեց, որ իրենք կրկին կ’ուսումնասիրեն նախագիծը, եւ եթէ հնարաւորութիւն ստեղծուի, գիւղացիներուն կ’ընդառաջեն: «Հիւսիս-հարաւ»-ի շինարարութիւնը խնդիրներ առաջացուցած է նաեւ մայրուղի Երեւան-Արտաշատ հատուածին մէջ: Արդէն պատրաստ ճանապարհը տեղ-տեղ փակած են՝ կամուրջները վերակառուցելու նպատակով։ Փոխնախարարի խօսքով՝ լաւ կ’ըլլար, որ կամուրջներու վերակառուցումը ճանապարհի շինարարութեան զուգահեռ ընթանար, սակայն, վարկային միջոցներու պակաս կար:

Փոխնախարարը նաեւ տեղեկացուց, որ ֆինանսական աղբիւրներու սղութեան պատճառով հնարաւոր է, որ ճանապարհի Սիսիան-Քաջարան հատուածը կառուցէ մասնաւոր ընկերութիւն: Ըստ Առաքէլեանի՝ եթէ ֆինանսական միջոցները բաւարարեն, ճանապարհը պատրաստ կ’ըլլայ 2020-ին:

2013-ին Վերահսկիչ պալատը չարաշահումներ յայտնաբերած էր այս մայրուղիի շինարարութեան գործընթացին մէջ։ Զեկոյցին մէջ ծրագրի վերահսկողութիւնը «խայտառակ» գնահատուած էր, հիմքի հաստութիւնը՝ 10 անգամ բարակ, կրաձոյլը՝ անորակ, շինարարութեան գինն ալ՝ ուռճացուած մօտ 83 տոկոսով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment