Մայրաքաղաք Երեւանի մէջ արդէն «Քորոնա» ժահրի (COVID-19) հիւանդութեան դէմ շարժական պատուաստումային 9 խումբ կը գործէ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն:
«Քաղաքացիները COVID-19-ի դէմ կարող են նաեւ պատուաստուել «Քասքատ համալիրի», «Մալիպու» սրճարանի, «Վերնիսաժ» բացօթեայ տօնավաճառի, «Մոսկուա» կինոթատրոնի, «Երեւանի 2800-ամեակի այգու» (Կեդրոնական դրամատան դիմաց) եւ «Երիտասարդական» մեթրոյի կայարանի յարակից տարածքներում: Նմանատիպ խմբեր աշխատում են նաեւ Հիւսիսային պողոտայում, «Տալմա Կարտըն» մոլի կայանատեղիում «Մեկամոլ Արմենիա» առեւտրի կեդրոնի տարածքում»,- նշած են ՀՀ ԱՆ-էն:
«AstraZeneca»-ով պատուաստումները կրնան կատարուիլ 18 եւ բարձր տարիքի անձանց համար, ըստ դիմելիութեան եւ կամաւորութեան սկզբունքով: «Sputnik-V»-ով պատուաստումները նախատեսուած են վտանգաւոր խումբերու անձանց, մասնաւորապէս` 18-էն 54 տարեկան բուժաշխատողներու, 18-էն 54 տարեկան քրոնիկ հիւանդներու, 18-էն 54 տարեկան ընկերային խնամքի կեդրոններու բնակիչներու եւ աշխատակիցներու համար: