Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատամ Շիֆ Սիւնիքի Հարցով Դիմած Է Պայտընի Վարչակազմին

Ատամ Շիֆ Սիւնիքի Հարցով Դիմած Է Պայտընի Վարչակազմին

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի Հետախուզութեան յանձնաժողովի նախագահ՝ Ատամ Շիֆ, Սիւնիքի մարզ ատրպէյճանական ուժերու ներխուժման կապակցութեամբ, դիմած է ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտընի վարչակազմին, կը տեղեկացնէ news.am-ը։

«Ես խորապէս մտահոգուած եմ վերջին հաղորդագրութիւններով, որ ատրպէյճանական զօրքերը, ինչպէս հաղորդուեցաւ, անցած են Հայաստանի տարածք: Եթէ ճիշդ է, այս եւս մէկ վտանգաւոր եւ սադրիչ գործողութիւն է, որ կրնայ յանգեցնել հետագայ կեանքի կորուստի: Ժամանակն է Միացեալ Նահանգներու համար գիտակցելու, որ մեր քաղաքականութիւնը քաջալերած է Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւը երթալ ռազմական սրման՝ վտանգ յառաջացնելով նոր պատերազմի մը»,- գրած է ԱՄՆ-ի քոնկրէսականը դիմատետրեան իր էջին վրայ։

Շիֆը նշած է, որ պէտք չէ ռազմական ֆինանսաւորում տրամադրել Ատրպէյճանին, որ «սովորաբար կը ներգրաւուի մարդու իրաւունքներու խախտումներուն մէջ ու կ’ոտնահարէ իր հարեւաններու ինքնիշխանութիւնը»։

«Ես հաղորդակցութեան մէջ եղած եմ Պայտընի վարչակազմի հետ եւ յորդորած անոնց աւելի խոր ներգրաւուիլ Մինսքի խումբի միջոցով, այժմ աւելի առարկայական, քան երբեւէ: Ըստ հաղորդագրութիւններուն՝ Ատրպէյճան այդ գործողութիւնները կը ձեռնարկէ օրեր յետոյ, երբ Պետական քարտուղարութիւնը չարդարացուած կերպով հրաժարեցաւ Ատրպէյճանին ուղղակի օգնութիւն տրամադրելու՝ [Ազատութեան աջակցութեան օրէնքի] 907-րդ յօդուածով նախատեսուած սահմանափակումներէն։ Մենք պէտք չէ ռազմական ֆինանսաւորում տրամադրենք ազգի մը, որ սովորաբար կը ներգրաւուի մարդու իրաւունքներու խախտումներուն մէջ ու կ’ոտնահարէ իր հարեւաններու ինքնիշխանութիւնը», – գրած է Շիֆ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment