Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բոլորը Դէպի Արտահերթ Ընտրութիւններ

Բոլորը Դէպի Արտահերթ Ընտրութիւններ

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային Ժողովը երկրորդ անգամ Նիկոլ Փաշինեանին «չընտրեց» վարչապետ՝ ճամբայ հարթելով խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն, որոնք նախատեսուած են Յունիսի 20-ին:

Ընտրարշաւը արդէն իսկ սկսած է ու տարբեր կուսակցութիւններ կը յայտարարեն իրենց մասնակցութեան ձեւաչափի մասին՝ ոմանք առանձին ցուցակներով, իսկ ուրիշներ որպէս դաշինք:

Այս առթիւ ականատես կ՛ըլլանք բազմաթիւ ուշագրաւ երեւոյթներու, որոնք շատ յաճախ չեն տեղաւորուիր տրամադրութեան մէջ ու տարակուսանք կը յառաջացնեն շատերու մօտ: Տակաւին կարճ ժամանակ առաջ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» անուան տակ հանդէս եկող ընդդիմադիր կուսակցութիւններն ու գործիչները, երդում կ՛ընէին, որ կը մերժեն մաս կազմել Փաշինեանի կազմակերպած ընտրութիւններուն, առաջինը անոնք, անձնատուր ըլլալով սկսան յայտարարել մասնակցութեան մասին: Աւելին, այդ շարժումին մաս կազմողները չկարողացան նոյնիսկ միասնական ճակատով ընտրութիւններուն ներկայանալու շուրջ համաձայնութեան գալ ու այժմ ստիպուած են պայքարելու ոչ միայն Փաշինեանի դէմ, այլ եւ՝ իրար: Ամիսներ տեւող փողոցային պայքարի ձախող ու ապարդիւն փորձը եկաւ համոզելու ընդդիմադրութեան, որ չունին բաւականաչափ ժողովրդային համակրանք եւ աջակցութիւն, որ կրնայ բաւարարել բոլորի ախորժակները՝ մտնելու խորհրդարան:

Այսօրուայ դրութեամբ արմատական ընդդիմութիւնը բաժնուած է երեք մասի: Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը, որուն մաս կը կազմեն ՀՅԴ-ն ու «Վերածնուող Հայաստան» նորաստեղծ կուսակցութիւնը, Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած Հանրապետական կուսակցութեան եւ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան նախկին պետ՝ Արթիւր Վանէցեանի հիմնած «Հայրենիք» կուսակցութեան միջեւ ստեղծուած դաշինքը եւ մեծահարուստ գործարար Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, որ ընտրութիւններուն կը մասնակցի առանց որեւէ մէկ այլ ուժի հետ դաշինք կազմելու: Այս երեքին մէջէն ամենէն աւելի աշխոյժ կերպով հրապարակ նետուած է Քոչարեանը, որ կը խորհի թէ ինք կրնայ հասնիլ իշխանութեան ու դարձեալ ղեկավարել երկիրը: Ան կը յայտարարէ որ, «երբեք ընտրութիւն չէ կորսնցուցած»: Սակայն, փաստը կը մնայ այն որ, ե՛ւ 1998-ին, իր առաջին նախագահական ընտրութեան ընթացքին, ե՛ւ 2003-ի ընտրութիւններուն, ինք պարտուած էր Կարէն Դեմիրճեանի եւ ապա Ստեփան Դեմիրճեանի դէմ, սակայն, նախագահի աթոռին նստած էր համատարած կեղծիքներու շնորհիւ:

Քոչարեան կը տիրապետէ նիւթական մեծ աղբիւրներու եւ ունի իրեն սպասարկող զանգուածային լրատուական միջոցներու լայն ցանց, որոնց օգնութեամբ կը խորհի թէ կրնայ մաքրել իր դիմագիծը, որ ծանօթ է որպէս երկիրը թալանած ղեկավար, 1997 թուականի Հոկտեմբեր 27-ին Ազգային Ժողովէն ներս տեղի ունեցած սպանութիւններուն գծով կասկածեալ, 2008 թուականի Մարտ 1-ին Երեւանի փողոցներուն վրայ ցուցարարներուն դէմ կրակ բանալու հրաման տուող եւ բազմաթիւ այլ յանցագործութիւններ, որոնք մաս կը կազմեն անոր քաղաքական կենսագրութեան:

Վերջին օրերու մեծագոյն անակնկալը բնականաբար Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրապարակային առաջարկն էր՝ նախկին երեք նախագահները միասնական դաշինքով ընտրութիւններուն մասնակցելու կապակցութեամբ: Առաջին նախագահի այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն մերժուեցաւ միւս երկուքին կողմէ, այլ նաեւ հիասթափութիւն յառաջացուց անցեալին իր հէտ ճամբայ կտրած ու իր իսկ բնութագրումով՝ աւազակապետութեան դէմ պայքարած շրջանակներուն մօտ: Այսպիսով, Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ Ազգային Գոնկրէսը կամ ՀԱԿ-ը շատ հաւանաբար մնայ լուսանցքի վրայ, իր մնացած համակիրները եւս կորսնցնելով:

Ասոնց կողքին կայ նաեւ խորհրդարանական ընդդիմադիր՝ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը, որու ղեկավար Էտմոն Մարուքեան կը խորհի թէ, նախկին ռեժիմի ներկայացուցիչներու աշխուժացումը կ՛ամրապնդէ Փաշինեանի դիրքերը, այլապէս ինք պիտի կարողանայ դառնալ Հայաստանի յաջորդ վարչապետը:

Կը սպասուի որ, արտախորհրդարանական այլ ուժեր եւս միասնաբար կամ առանձին-առանձին մասնակցելով ընտրութիւններուն փորձեն ապահովել այն զանգուածի ձայները, որոնք դէմ են նախկիններու վերադարձին եւ սակայն դժգոհ են, որ Փաշինեան շատ թոյլ կը գտնուի անոնց նկատմամբ:

Այս բոլորի կողքին կայ անշուշտ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած քաղաքական ուժը, որ պատերազմէն յետոյ կորսնցնելով հանդերձ իր նախկին ժողովրդականութիւնը, կը մնայ վերընտրուելու ամենէն մեծ հաւանականութիւնը ունեցող ուժը, թէկուզ աւելի նուազ տոկոսներով:

Արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու որոշումը դրական քայլ մըն էր շիկացած մթնոլորտը մեղմելու եւ ներքին տագնապը քաղաքական դաշտ տեղափոխելու առումով: Կը մնայ որ մասնակից բոլոր ուժերը յանձնառու ըլլան յարգելու ժողովրդավարութեան սկզբունքները ու առանց կաշառքի, ճնշումներու եւ կամ կեղծիքներու պայքարին՝ քաղաքացիներու քուէները ստանալու համար՝ Հայաստանի ապագան աւելի լաւ ու ամուր հիմերու վրայ դնելու հեռանկարով ու մտահոգութեամբ:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment