Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ բոլոր իշխանութիւններու օրօք ալ Ղարաբաղի հարցով Հայաստանի դիրքորոշումը եղած է եւ կը մնայ կառուցողական՝ անկախ կառավարութիւններու քաղաքական ծագումնաբանութենէն. – «Արցախի հարցը պէտք է կարգաւորուի խաղաղ բանակցային ճանապարհով»:
Տաւուշեան ռազմական գործողութիւններէն յետոյ տեղի ունեցած Անվտանգութեան խորհուրդի առաջին նիստի ընթացքին, Նիկոլ Փաշինեան զանոնք որակեց, որպէս Տաւուշի յաղթական մարտեր. – «Նախորդ ողջ շրջանում Ատրպէյճանն ընդունել էր մի այնպիսի կեցուածք, որով Ղարաբաղի հարցի ռազմական ճանապարհով չլուծումը, իր կողմից դա չնախաձեռնելը ներկայացնում էր որպէս զիջում ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ միջազգային հանրութեան համար: Եւ մենք այս ողջ ընթացքում Ատրպէյճանի ղեկավարութեանը յորդորում էինք, որ պէտք չէ Հայաստանի հետ խօսել ուժի դիրքերից, ուժի լեզուով, եւ դա անհեռանկար հռետորաբանութիւն է: Եւ, ըստ էութեան, յուլիսեան յաղթական մարտերն ապացուցեցին դա»:
Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին, վարչապետ Փաշինեան նաեւ Թուրքիոյ գործօնին յատուկ անդրադարձած է ընդծելով, որ ապակառուցողական դիրքորոշումը Յուլիսին Տաւուշի մէջ յստակ երեւեցաւ. – «Կարծում եմ, որ Թուրքիայի ապակայունացնող եւ ապակառուցողական գործունէութիւնն էական անհանգստութիւններ եւ մտահոգութիւններ է առաջացնում ինչպէս Մերձաւոր Արեւելքի, այնպէս էլ Եւրասիական տարածաշրջանի, այնպէս էլ Եւրոպական տարածաշրջանի մեր գործընկերների մօտ: Սա մի օրակարգ է, որն արդէն իսկ ձեւաւորուած է, եւ այդ օրակարգում մեր անելիքները նոյնպէս կարեւորագոյն քննարկման առարկայ պիտի դառնան»:
Տաւուշեան մարտերէն անմիջապէս յետոյ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը Հայաստանի սահմանին վրայ համատեղ զօրավարժութիւններ կատարեցին, որոնց աւարտին Անքարան նորէն յայտարարեց, որ Թուրքիան կ’աջակցի Ատրպէյճանին «Գրաւուած տարածքները ազատագրելու գործով»: