Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Սերկէյ Լաւրով Խօսած Է Տաւուշեան Մարտերու Պատճառներուն Մասին

Սերկէյ Լաւրով Խօսած Է Տաւուշեան Մարտերու Պատճառներուն Մասին

by MassisPost

Տաւուշեան մարտերու պատճառներու մասին այսօր՝ Օգոստոս 21-ին, բոլորովին նոր՝ մինչեւ օրս Երեւանի եւ Պաքուի կողմէն չհնչած վարկած առաջ քաշած է ներկայացուցած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը։ «Թրուտ» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Սերկէյ Լաւրով ըսած է, թէ «…իւրատեսակ ձգան դարձաւ աշխարհագրական գործօնը, հայկական կողմի որոշումը՝ վերագործարկելու հին սահմանակէտը, որ ատրպէյճանական արտահանող խողովակաշարերէն 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է։ Այդ շատերուն մօտ ընդգծուած մտահոգութիւն առաջ բերած է, որուն ուրիշներ չարդարացուած պատասխան տուած են, գործարկելով դիմակայութեան թափանիւը՝ ամէնէն անկանխատեսելի հետեւանքներով»։

Մոսկուան նաեւ շեշտած է, որ Յուլիսեան բախումներուն նպաստած են շարք մը պատճառներ. – «Առանցքայինը, բնականաբար, այն է, որ հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէր, անոր աւելցաւ սահմանի երկու կողմերուն վրայ հանրային տրամադրութիւններու թէժացումը»:

Լաւրով պատմած է, թէ կրակը դադրած է Ռուսաստանի աշխոյժ միջնորդութեամբ, թէեւ` «ոչ առաջին փորձէն». հրադադարին նախորդած են հեռախօսազանգերը Երեւանի եւ Պաքուի, կազմակերպուած է Ռուսաստան բնակող հայերու եւ ատրպէյճանցիներու հանդիպում:

«Անոնք պէտք է ամբողջութեամբ գիտակցին Ռուսաստանի օրէնքներուն չհետեւելու պատասխանատուութիւնը», – ըսած է արտաքին գործոց նախարարը` ըստ ամենայնի նկատի ունենալով հայերու եւ ատրպէյճանցիներու մոսկուայի բախումները:

Սերկէյ Լաւրով տեղեկացուցած է, որ Ռուսաստանը Մինսքի խումբի իր գործընկերներուն հետ կ’աշխատի ղարաբաղեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու շուտափոյթ վերսկսման ուղղութեամբ:

Պաշտօնական Երեւանը առայժմ չի մեկնաբաներ Լաւրովի այսօրուայ յայտարարութիւնը: «Ազատութիւնը» դիմած է արտաքին գործոց նախարարութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment