Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շաբթուայ Խաղատետրը – Կոշտ Խօսակցութիւն, Քամալա Հարրիս, Հասսան Տիապ եւ Ուրիշներ

Շաբթուայ Խաղատետրը – Կոշտ Խօսակցութիւն, Քամալա Հարրիս, Հասսան Տիապ եւ Ուրիշներ

by MassisPost

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ

Վարչապետ ՓԱՇԻՆԵԱՆ հարցազրոյց ունեցաւ Անգլիական BBC կայանի HARD TALK կոչուող յայտաագիրէն, որ կարելի է թարգմանել՝ «կոշտ խօսակցութիւն»: Ինչպէս հաղորդումի անունը կը յուշէ, հաղորդավարի հարցադրումները սուր էին եւ փորձ կը կատարուէր վարչապետը նեղ կացութեան մատնելու: Այս հաղորդումի իւրայատկութիւնը անոր ձեւաչափին մէջ է եւ բոլոր հիւրերը կÿարժանանան նոյն վերաբերմունքին: Վստահաբար Փաշինեան համաձայնելով ելոյթ ունենալ նման յայտագիրէն, գիտեր թէ բարեկամական հարցազրոյցի պիտի չարժանանայ:
Հակառակ տարաբնոյթ գնահատականներուն, վարչապետը կարողացաւ ճիշդ ձեւով ներկայացնել Հայաստանի տեսակէտները Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն եւ երկրի ներքին հարցերուն վերաբերեալ:
Ինչ կը վերաբերի լեզուական հարցին, անթերի չըլլալով հանդերձ վարչապետի անգլերէնը հասկնալի էր եւ ան կարողացաւ իր միտքերը մատչելի կերպով բանաձեւել:
*
serzh sargsyan harsnakarԵրկար լռութենէ ետք ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ վերջապէս խօսեցաւ, նկարահանուած հարց ու պատասխանի ձեւաչափով: Զրոյց ժողովուրդի հետ շարքի առաջին մասով նախկին նախագահը անդրադարձաւ 2016 թուականի ապրիլեան պատերազմի հանգամանքներուն եւ Հայկական կողմի կորուստներուն:
Պատերազմէն կարճ ժամանակ ետք, Սարգսեան արտասահմանէն վերադարձի ճամբուն վրայ, օդանաւին մէջ լրագրողներուն ինքն էր որ յայտնեց, թէ կորսնցուցած ենք 800 հեկտար հող եւ կրուած ենք 80-ականի արտադրութեան զէնքերով: Անկէ առաջ ոչ մէկը չէր խօսած այդ մասին, ո՛չ ընդդիմութիւնը եւ ո՛չ մամուլը:
Պատերազմէն աւելի քան չորս տարի ու իշխանութեան կորուստէն երկու տարի ետք, Սարգսեան յանկարծ կը յիշէ, որ կորսուած հողերը 800 հեկտար չէին, այլ՝ 400, իսկ 80-ականի զէնքերը մինչեւ օրս կ՛օգտագործուին եւ անոր մէջ որեւէ հարց չկայ:
Նախկին նախագահը իր այս ուշացած «ճշգրտումներով», ինչի կը ձգտի հասնիլ՝ կը մնայ հարցական:
*
kamala harrisԴեմոկրատ թեկնածու ՃՕ ՊԱՅՏԸՆ իր կողքին փոխ նախագահի թեկնածու առաջադրեց կին ծերակուտականª ՔԱՄԱԼԱ ՀԱՐՐԻՍԸ: Անոր անուան ներկայացումը մեծ խանդավառութիւն յառաջացուց ոչ միայն կանանց ու սեւամորթներու մօտ՝ այլեւ այլ ազգութիւններու: Քամալա Հարրիս ծնած է Քալիֆորնիոյ մէջ՝ Ճամայքացի հօրմէ եւ Հնդկաստանէն գաղթած մօրմէ: Փոխ-նախագահի թեկնածույով հպարտ են Քարիպեան կղզիներէն եկած ժողովուրդները եւ նաեւ Հնդիկ Ամերիկացիները: Այս ցոյց կու տայ թէ իրենց ազգակիցներով հպարտանալը յատուկ չէ միայն փոքր ազգերուն համար եւ 1.3 միլիառ ժողովուրդ հաշուող հնդիկները նոյնքան կը հպարտանան իրենց նման արմատներ ունեցող մէկու մը յաջողութեամբ:

*
hassan diabԼիբանանի վարչապետ ՀԱՍՍԱՆ ՏԻԱՊԻ կարճատեւ պաշտօնավարութիւնը հասաւ իր աւարտին: Օգոստոս 4-ի Պէյրութի նաւահանգիստէն ներս տեղի ունեցած հզօր պայթումէ շաբաթ մը ետք, փողոցի ճնշումին տակ Տիապ ներկայացուց իր հրաժարականը, մեծ հարուած հասցնելով «Հըզպալա» զինեալ խմբաւորման ղեկավար Հասան Նասրալային, որու դրածոն կր նկատուէր Տիապի կառավարութիւնը:
Միւս կողմէ Ֆրանսական ռազմանաւերը խարիսխ նետած են կործանուած նաւահանգիստը եւ 700 զինուորներ կը մասնակցին փրկարար աշխատանքներուն: Նոյնը կը պատրաստուին ընել Անգլիական նաւերը եւ Ամերիկեան Էֆ. ՊԻ. Այ.-ը ընդառաջած է օժանդակել պայթումի պատճառները ստուգելու գործողութիւններուն: Շատերու կարծիքով այդ երկիրներու ներկայութիւնը այդքանով պիտի չբաւարարուի եւ կը սպասուին երկրէն ներս նոր դասաւորումներ, մանաւանդ որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքարոն կը պատրաստուի դարձեալ այցելել Պէյրութ: Ըստ երեւոյթին կայ միջազգային համաձայնութիւն՝ չարտօնելու համար, որ Լիբանանը վերածուի ձախողած պետութեան:
*
edmon«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար ԷՏՄՈՆ ՄԱՐՈՒՔԵԱՆ դժգոհութիւն կը յայտնէ, որ նախկին իշխանութիւններու ներկայացուցիչները՝ իրենց ելոյթներով կը սատարեն Նիկոլ Փաշինեանին, խանգարելով իրենց նման՝ խորհրդարանական ընդդիմութեան յառաջխաղացքը: Մարուքեանի համաձայն, ամէն անգամ երբ հանրապետականները կը խօսին վարչապետի վարկանիշը 20 տոկոսի իջած ըլլալու մասին, ժողովուրդը այդքան աւելի կը մօտեցնեն Փաշինեանին: «Ես երբեմն կը խորհիմ որ, անոնց մինչեւ գաղտնի պայմանաւորուածութիւն կայ, Փաշինեանի դիրքերը ամրապնդելու համար» սարկազմով կ՛ըսէ Մարուքեան:
*
vladimirԴարձեալ փայլեցաւ Երեւանի նախկին ոստիկանապետ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԸ, երբ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի լրագրողները յայտնաբերեցին որ, Երեւանի բարձունքին անոր կառուցած դղեակէն զատ, նոյնանման ճոխ դղեակ մը ալ ունի Սեւանայ Լիճի ափին: Թռչող սարքով կատարուած նկարահանումը ցոյց կու տայ որ, Գասպարեան իր բնակարանի մօտ կառուցած է նաեւ իր սեփական նաւահանգիստը: Այս բոլորը անշուշտ, պետական պաշտօնեայի համեստ աշխատավարձով:
Շրջակայ միջավայրի նորանշանակ նախարար Ռոմանոս Պետրոսեան կը խոստանայ քանդել Սեւանի ափին գտնուող բնակարանները, ճաշարանները, զուարճանքի վայրերը եւ այլ շինութիւններ, որոնք ապօրէն կերպով կառուցուած են հանրային տարածքներու վրայ: Նախարարի այս որոշումի իրագործումը արդեօ±ք պիտի հասնի Վլատիմիր Գասպարեանի դղեակին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment