Պոլսոյ մէջ Սուրբ Սոֆիա տաճարի շուրջ ստեղծուած իրադրութիւնը Յունաստանի եւ Թուրքիոյ երկկողմանի յարաբերութիւններու հարց է, եւ Աթէնքը պէտք է կոշտ պատասխան տայ, որ հասկնան Անգարայի մէջ:
Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, յայտարարած է Յունաստանի խորհրդարանական կուսակցութիւններէն մէկու ներկայացուցիչ՝ Թանասիս Միլոնասը:
Ըստ Միլոնասին, կուսակցութեան դիրքորոշումը այն է, որ թրքական պետութեան հիմնադիր Քեմալ Աթաթուրքի տուն-թանգարանը Սալոնիքի մէջ վերածել պոնտոսցի յոյներու ցեղասպանութեան թանգարան: Թուրքիոյ նախագահ՝ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ կը սպասէ Պետական խորհուրդի որոշումը Սուրբ Սոֆիա տաճարին կարգավիճակը փոխելու եւ զայն թանգարանէն մզկիթ դարձնելու հնարաւորութեան վերաբերեալ եւ կը վարուի այդ որոշումին համապատասխան:
Թուրքիոյ բարձրագոյն վարչական դատարանը՝ Պետական խորհուրդը, Յուլիս 2-ին քննարկած է Սուրբ Սոֆիա տաճարի կարգավիճակը փոխելու հարցը: Պետական խորհուրդը կը կարծէ, որ տաճարի կարգավիճակը փոխելու համար բաւարար է նախագահին հրամանագիրը: Կը սպասուի, որ Պետական խորհուրդի որոշումը հրապարակուի 15 օրուայ ընթացքին:
Յունաստանը կը կարծէ, որ ցեղասպանութեան զոհ դարձած է աւելի քան 350 հազար պոնտոսցի յոյն: Անգարան, իր հերթին, մեղադրանքները կը համարէ «անհեթեթութիւն», իսկ Յունաստանին կը մեղադրէ քաղաքական նպատակներով «պատմական իրադարձութիւնները աղաւաղելու մէջ»: Հարցին, թէ կրնայ անիկա կանգնեցնել Թուրքիոյ նախագահը, կուսակցութեան ներկայացուցիչը պատասխանած է. «Էրտողանը անվերահսկելի քաղաքական գործիչ է»: Թանգարանի կարգավիճակը փոխելու ծրագիրները հակազդեցութիւն առաջացուցած են բազմաթիւ երկիրներու մէջ: