Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Յունաստանի Մէջ Առաջարկած են Աթաթուրքի Տունը Վերածել Պոնտոսի Յոյներու Ցեղասպանութեան Թանգարան

Յունաստանի Մէջ Առաջարկած են Աթաթուրքի Տունը Վերածել Պոնտոսի Յոյներու Ցեղասպանութեան Թանգարան

by MassisPost

Պոլսոյ մէջ Սուրբ Սոֆիա տաճարի շուրջ ստեղծուած իրադրութիւնը Յունաստանի եւ Թուրքիոյ երկկողմանի յարաբերութիւններու հարց է, եւ Աթէնքը պէտք է կոշտ պատասխան տայ, որ հասկնան Անգարայի մէջ:

Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, յայտարարած է Յունաստանի խորհրդարանական կուսակցութիւններէն մէկու ներկայացուցիչ՝ Թանասիս Միլոնասը:

Ըստ Միլոնասին, կուսակցութեան դիրքորոշումը այն է, որ թրքական պետութեան հիմնադիր Քեմալ Աթաթուրքի տուն-թանգարանը Սալոնիքի մէջ վերածել պոնտոսցի յոյներու ցեղասպանութեան թանգարան: Թուրքիոյ նախագահ՝ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ կը սպասէ Պետական խորհուրդի որոշումը Սուրբ Սոֆիա տաճարին կարգավիճակը փոխելու եւ զայն թանգարանէն մզկիթ դարձնելու հնարաւորութեան վերաբերեալ եւ կը վարուի այդ որոշումին համապատասխան:

Թուրքիոյ բարձրագոյն վարչական դատարանը՝ Պետական խորհուրդը, Յուլիս 2-ին քննարկած է Սուրբ Սոֆիա տաճարի կարգավիճակը փոխելու հարցը: Պետական խորհուրդը կը կարծէ, որ տաճարի կարգավիճակը փոխելու համար բաւարար է նախագահին հրամանագիրը: Կը սպասուի, որ Պետական խորհուրդի որոշումը հրապարակուի 15 օրուայ ընթացքին:

Յունաստանը կը կարծէ, որ ցեղասպանութեան զոհ դարձած է աւելի քան 350 հազար պոնտոսցի յոյն: Անգարան, իր հերթին, մեղադրանքները կը համարէ «անհեթեթութիւն», իսկ Յունաստանին կը մեղադրէ քաղաքական նպատակներով «պատմական իրադարձութիւնները աղաւաղելու մէջ»: Հարցին, թէ կրնայ անիկա կանգնեցնել Թուրքիոյ նախագահը, կուսակցութեան ներկայացուցիչը պատասխանած է. «Էրտողանը անվերահսկելի քաղաքական գործիչ է»: Թանգարանի կարգավիճակը փոխելու ծրագիրները հակազդեցութիւն առաջացուցած են բազմաթիւ երկիրներու մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment