Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նախկին Գլխաւոր Դատախազ Գէորգ Կոստանեանը Մարտ 1-Ի Գործով Մեղադրեալ Ներգրաւուած է 5 Յօդուածներով

Նախկին Գլխաւոր Դատախազ Գէորգ Կոստանեանը Մարտ 1-Ի Գործով Մեղադրեալ Ներգրաւուած է 5 Յօդուածներով

by MassisPost

Նախկին գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանը Մարտ 1-ի գործով մեղադրեալ ներգրաւուած է  5 յօդուածով։ Այս մասին «Ազատութեան» հարցմանն ի պատասխան տեղեկացուցած են Յատուկ քննչական ծառայութենէն (ՅՔԾ)։

Մասնաւորապէս, նախկին պաշտօնեան մեղադրեալ ներգրաւուած է պաշտօնէական կեղծիք կատարելու, պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելուն դրդելու, պաշտօնէական կեղծիք կատարելուն դրդելու, ծանր կամ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւնը պարտկելուն դրդելու, ծանր կամ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւններու վերաբերեալ գործերով ապացոյցներու կեղծման դրդելու յօդուածներով։

Հակառակ որ արդէն տեւական ժամանակ յայտնի էր, որ Գէորգ Կոստանեանը որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած է Մարտ 1-ի գործով, սակայն ՅՔԾ-ն չէր պարզաբանած, թէ մասնաւորապէս ինչ յօդուածներով։

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը բաւարարեց Հայաստանի նախկին գլխաւոր դատախազը կալանաւորելու՝ Յատուկ քննչական ծառայութեան միջնորդութիւնը:

Դատարանի որոշումը Կոստանեանի պաշտպաններն անհիմն կը համարեն եւ կը պատրաստուին բողոքարկելու այն:

Գէորգ Կոստանեանը հետախուզման մէջ է․ նախկին գլխաւոր դատախազը 48 ժամուան ընթացքին չէ ներկայացած վարոյթն իրականացնող մարմին՝ մեղադրանք առաջադրելու համար։

Անոր պաշտպանը եւս յստակ չէ ըսած, թէ երբ Հայաստան պիտի գայ իր պաշտպանեալը, սակայն վստահեցուցած է՝ մինչ կալանքի որոշումը Կոստանեանը ուզած է վարոյթն իրականացնող մարմին ներկայանալ Դեկտեմբերին: «Յիշեալ որոշման պայմաններում արդէն պարոն Կոստանեանը կ’որոշի, թէ երբ կը ներկայանայ», – նշած է Համբարձում Մելիք-Սարգսեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment