Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Զոհրապ Մնացականեան․ Արցախի Բնակչութեան Ինքնորոշման Իրաւունքը Պէտք Չէ Սահմանափակուի

Զոհրապ Մնացականեան․ Արցախի Բնակչութեան Ինքնորոշման Իրաւունքը Պէտք Չէ Սահմանափակուի

by MassisPost

Արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը Պրաթիսլաւայի մէջ ելոյթ ունեցաւ ԵԱՀԿ նախարարական խորհրդաժողովին՝ ներկայացնելով Հայաստանի պաշտօնական դիրքորոշումը եւ անդրադառնալով նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած փաստաթուղթին:

\Իր ելոյթին մէջ Մնացականեանը նախ ըսած է, որ ղարաբաղեան խնդիրը պէտք է կարգաւորուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով եւ արդէն գործող ձեւաչափով՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջնորդութեամբ:

Նախարարը շեշտած է, որ Արցախի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը պէտք չէ սահմանափակուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան իրաւունքով:

Զոհրապ Մնացականեանը նշած է նաեւ, որ Արցախի բնակչութեան ֆիզիքական գոյութիւնը երկու անգամ առնուազն վտանգուած եղած է, առաջին անգամ՝ 1990-ականներուն, երկրորդ անգամ՝ 2016 թուականի ապրիլին:

Նախարարը շեշտած է՝ անհրաժեշտ է, որ Արցախը նոյնպէս ներգրաւուած ըլլայ բանակցային գործընթացին:

ԵԱՀԿ խորհրդաժողովի նիստին ելոյթ ունեցած է նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը, որ փաստօրէն կրկնած է այն, ինչ ներկայացուած էր Ատրպէյճանի կողմէ տարածուած յուշագրին մէջ:

Նշենք, որ ԵԱՀԿ-ի 26-րդ Նախարարական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ, Պրաթիսլավայի մէջ տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Էլմար Մամետեարովի եւ Զօհրապ Մնացականեանի հանդիպումը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հրադադարի ամրապնդման,  յաջորդ տարուան սկիզբը համատեղ աշխատանքը շարունակելու ծրագիրները:

ՀՀ ԱԳ նախարարը ընդգծած է ժողովուրդներուն խաղաղութեան նախապատրաստելու պայմանաւորուածութիւններու ծիրէն ներս արձանագրուած համեստ արդիւնքը` Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի լրագրողներու փոխանակման ծրագրի իրականացման միջոցով: Դիտարկուած է այդ պարունակին մէջ լրագրողներու, հասարակութիւններու միջեւ նմանօրինակ ուղիղ շփումի շարունակման հնարաւորութիւնը: Միաժամանակ ընդգծուած են վստահութեան ամրապնդման այլ միջոցառումներու ներդրման կարեւորութիւնը:

Անդրադառնալով նախօրէին Արցախի ԱԳ նախարարին հետ Երեւանի մէջ ունեցած հանդիպման ընթացքին` նախարար Մնացականեան եւս մէկ անգամ ընդգծած է Արցախի իշխանութիւններու ուղիղ ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս կարգաւորման բովանդակային հարցերու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment