Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Ժամանած Է Փարիզ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Ժամանած Է Փարիզ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանած է Փարիզ։ Այդ մասին կը հաղորդէ NEWS.am-ի թղթակիցը Փարիզէն։

Օդակայանին մէջ անոր դիմաւորած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիսթիան Տէր-Ստեփանեանը եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը:

Նիկոլ Փաշինեանը Նոյեմբեր 11-12-ին աշխատանքային այցով պիտի գտնուի Ֆրանսայի Հանրապետութիւն, ուր պիտի մասնակցի Փարիզի խաղաղութեան երկրորդ համաժողովին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 40-րդ Գլխաւոր խորհրդաժողովին։
Այցի առաջին օրը Նիկոլ Փաշինեանը պիտի մասնակցի Ֆրանսայի նախագահի անունէն ի պատիւ Փարիզի խաղաղութեան երկրորդ համաժողովի մասնակից պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու տրուող պաշտօնական ընդունելութեան։

12 Նոյեմբերին ՀՀ վարչապետը պիտի մասնակցի Փարիզի խաղաղութեան երկրորդ համաժողովի բացման եւ միջոցառման շրջածիրէն ներս նախատեսուող թեմատիկ քննարկման, որու ընթացքին հանդէս պիտի գայ ելոյթով։ Կը նախատեսուի վարչապետ Փաշինեանի կողմէ Փարիզի խաղաղութեան համաժողովի գրադարանին խորհրդանշական նուէրի յանձնում։

Փարիզ այցի շրջածիրէն ներս Հայաստանի վարչապետը պիտի այցելէ նաեւ Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան (ՖՄԿ) գրասենեակ եւ հանդիպում պիտի ունենայ ՖՄԿ Գլխաւոր քարտուղար Լուիզ Մուշիքիւապոյի հետ։

Կը նախատեսուի ՀՀ վարչապետի եւ անոր տիկնոջ այցը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնակայան, եւ անոնց մասնակցութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 40-րդ Գլխաւոր համաժողովի աշխատանքներուն, ուր վարչապետ Փաշինեանը հանդէս պիտի գայ ելոյթով։ ՀՀ վարչապետը նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գլխաւոր քարտուղար Օտրի Ազուլէի հետ եւ հարցազրոյց պիտի տայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մամուլի ծառայութեան։

Այցի շրջանակէն ներս ՀՀ վարչապետը եւ անոր տիկինը հանդիպում պիտի ունենան Ֆրանսայի հայ համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհիկ կառոյցներու ղեկավարներուն հետ։ Ի պատիւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Աննա Յակոբեանի պիտի տրուի պաշտօնական ընդունելութիւն,  որու շրջագիծէն ներս կը նախատեսուի ՀՀ վարչապետի ելոյթը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment