Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ոչ Ոք Կրնայ Հայաստանի Հետ Խօսիլ Ուժի Դիրքերէ». Յայտարարեց Փաշինեան Փարիզի Մէջ

«Ոչ Ոք Կրնայ Հայաստանի Հետ Խօսիլ Ուժի Դիրքերէ». Յայտարարեց Փաշինեան Փարիզի Մէջ

by MassisPost

Ոչ ոք կրնայ Հայաստանի հետ խօսիլ ուժի դիրքերէ: Այս մասին Փարիզի խաղաղութեան համաժողովի ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ պատասխանելով ատրպէյճանցի մասնակիցի հարցին:

«Ցաւօք, Ատրպէյճանը կը շարունակէ պնդել, որ Երեւանը՝ անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքը, ատրպէյճանական քաղաք է: Այնինչ, մեր առաջարկութիւնը խաղաղութիւնն է, եւ մենք սպառնալիքներ չենք օգտագործեր մեր տարածաշրջանին մէջ ոեւէ մէկու հանդէպ: Մենք պատրաստ ենք խաղաղութեան»,- ըսած է ան՝ ի պատասխան ատրպէյճանցի մասնակիցի հարցին:

Փաշինեանը ընդգծած է, որ անձամբ պատրաստ է երկխօսութիւն սկսելու ոչ միայն Ատրպէյճանի կառավարութեան, այլեւ ատրպէյճանցի ժողովուրդի հետ, «որովհետեւ մենք քննարկելու շատ բան ունինք»: Պատասխանելով ատրպէյճանցի մասնակիցի հարցին «Ատրպէյճանի կազմին մէջ միջազգայնօրէն ճանչցուած Ղարաբաղի մասին»՝ Փաշինեանը ընդգծած է, որ միջազգայնօրէն ճանչցուած ձեւաչափը՝ «ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ» անուամբ, ունի Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի մասին որոշում կայացնելու մանտաթ: «Ձեր կառավարութիւնը ներգրաւուած է բանակցային գործընթացի մէջ: Եթէ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած մասն է, ինչո՞ւ դուք բանակցութիւններ կը վարէք կարգավիճակի սահմանման վերաբերեալ»,- ըսած է ան:
Ատրպէյճանցի մասնակիցը նաեւ յայտարարած է, որ ինք ատրպէյճանցի է, բայց ծնած է Վարդենիս եւ իր ընտանիքը ստիպուած եղած է լքել Հայաստանը հակամարտութեան սկիզբը:

«Ատրպէյճանի մէջ հայեր կը սպանէին Սումկայիթի ջարդերու ժամանակ, աւելի ուշ սպանութիւնները շարունակուած են Պաքուի մէջ եւ տրածուած Ղարաբաղի մէջ: Անոնք փախած են Ատրպէյճանէն առանց հագուստի: Ինչ կը վերաբերի անոր, թէ ինչ տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ, ապա, կառավարութեան որոշման համաձայն, ատրպէյճանցիները ապահովուած են հանրակառքերով եւ անոնց ուղեկցած է ոստիկանութիւնը: Ոչ մէկ ատրպէյճանցի տուժած է»,-ըսած է Փաշինեանը՝ աւելցնելով, որ ճիշդ այս ցոյց կու տայ հակամարտութեան էութիւնը:

Հայաստանի Վարչապետը տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ Փարիզ կը գտնուի՝ մասնակցելու խաղաղութեան երկրորդ համաժողովին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 40-րդ Գլխաւոր խորհրդաժողովին:

macron-pashinyan-elize-2

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Փարիզի Խաղաղութեան համաժողովի շրջագիծէն ներս նաեւ առանձնազրոյց ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

Ֆրանսայի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին համաժողովին մասնակցելու հրաւէրն ընդունելու համար եւ նշած, որ կը արեւորէ բարեկամ Հայաստանի հետ համագործակցութեան զարգացումը տարբեր ուղղութիւններով:

Իր հերթին վարչապետ Փաշինեանը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան եւ համաժողովը բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար: Վարչապետը նշած է, որ տարբեր առիթներով հանդիպումները նոր ազդակ կը հաղորդեն երկկողմ կապերու զարգացմանն ու ամրապնդման:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Էմանուէլ Մաքրոն քննարկած են հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու օրակարգային հրատապ հարցեր, անդրադարձած են նաեւ մուտքի արտօնագրերու ազատականացման ՀՀ-ԵՄ երկխօսութեան մեկնարկի ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն:

Կողմերը կարեւորած են բարձր մակարդակի փոխայցելութիւններու կազմակերպումը եւ այդ ուղղութեամբ ձեռք բերած համապատասխան պայմանաւորուածութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment