Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հաստատուեցաւ Արտահերթ Ընտրութիւններու Քարոզարշաւի Ժամանակացոյցը

Հաստատուեցաւ Արտահերթ Ընտրութիւններու Քարոզարշաւի Ժամանակացոյցը

by MassisPost

9 Դեկտեմբերին նշանակուած խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու քարոզարշաւը կարճ պիտի տեւէ՝ 12 օր, 26 Նոյեմբերէն մինչեւ 7 Դեկտեմբեր:

Անցած տարուան հերթական ընտրութիւններուն քաղաքական ուժերուն ընտրողներուն համոզելու համար տրուած էր 27 օր:

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը (ԿԸՅ) հաստատած է ընտրութիւններու ժամանակացոյցը:
«Ոչ միայն քարոզարշաւն, այլեւ բազմաթիւ այլ գործառոյթներ մենք իրականացնելու ենք աւելի կարճ ժամկէտներում», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը:

Հարցին, թէ 12 օրը բաւարար է համապետական ընտրութեան պարագային? հաշուի առնելով նաեւ մարզերու թիւը, Մուկուչեանը պատասխանած է. – «Հիմք ենք ընդունում գործող Ընտրական օրէնսգրքի կանոնակարգումներըե:
2 Նոյեմբերէն մեկնարկած է կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու առաջադրումը, վերջնաժամկէտը 14 Նոյեմբերն է:

Ըստ ընտրողներու ցուցակագրումը կատարող մարմնին քուէարկութեան իրաւունք ունեցողներուն թիւը կը գերազանցէ 2 միլիոն 500 հազարը: 13 ընտրատարածքներէն իւրաքանչիւրին մէջ կուսակցութիւնները եւ դաշինքները պէտք է առաջադրեն նուազագոյնը հինգ վարկանշային թեկնածու, այսինքն` քաղաքական բոլոր ուժերը ամենաքիչը 65-ական թեկնածուի անուն պիտի ներկայացնեն ընտրատարածքներուն մէջ` չհաշուած բուն` համամասնական ցուցակները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment