Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յովիկ Աբրահամեանի Ջերմոցները Շուրջ 15 Տարի Ոռոգուած են Ապօրինի Տեղադրուած Խողովակներով

Յովիկ Աբրահամեանի Ջերմոցները Շուրջ 15 Տարի Ոռոգուած են Ապօրինի Տեղադրուած Խողովակներով

by MassisPost

Նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի ընտանիքին պատկանող ջերմոցները շուրջ 15 տարի ոռոգուած են ապօրինի տեղադրուած խողովակներով։ Այս մասին կատարուած ուսումնասիրութիւններէն ետք յայտարարութիւն տարածած է Պետական վերահսկողութեան ծառայութիւնը։

Յայտնաբերուած խողովակաշարերով, նախնական հաշուարկով, աւելի քան 15 տարի ջուր հոսած է խաղողի այգիները ոռոգելու նպատակով, սակայն անկէ մէկ մասին համար առկայ են չնչին վճարումներ։

Խախտումը արձանագրուած է տեղւոյն վրայ, տարածքի մէջ ներկայ եղած են Ջրային կոմիտէի «Ջրառ» ՓԲԸ տնօրէնը, տեղակալը, գլխաւոր ճարտարագէտը, «Արտաշատ ՋՕԸ»-ի եւ Արտաշատի մարզպետարանի ներկայացուցիչներ եւ ոստիկանութեան մարզային բաժնի աշխատակիցներ:

«Արտաշատ Ուինքոմ» ՍՊԸ-ն եւ ջերմոցները կը պատկանին նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի ընտանիքին։

Դէպքի առիթով ՀՀ Ոստիկանութեան Արարատի մարզի Արտաշատի բաժնէն ներս կը նախապատրաստուին նիւթեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment