Փարիզի հանրայայտ Հաշմանդամներու տուն յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ Շարլ Ազնաւուրի հոգեհանգիստը:
Հաշմանդամներու տունը կը միաւորէ Ֆրանսայի ռազմական պատմութեան առնչուող թանգարաններ, այնտեղ կը գտնուի Նափոլէոն Պոնափարթի դամբարանը:
Ազնաւուրի աճիւնը պատուած էր Ֆրանսայի ազգային դրօշով: Աճիւնը յուշահամալիրի կեդրոնական հրապարակ բերուաեցաւ Հայող ցեղասպանութեան խորհրդանիշերէն մէկը դարձած «Տլէ եաման»ի մեղեդիի ներքոյ՝ դուդուկի կատարմամբ:
Շարլ Ազնաւուրի աճիւնի կողքին տեղադրուած էր Հայաստանի դրօշի գոյներով ծաղկեպսակ, զինուորական նուագախումբը կատարած է հայերէնով երգ մը:
Ֆրանսացիները հոգեհանգիստի արարողութիւնը անուանած են «Յարգանքի ազգային տուրք»:
Էմանուէլ Մաքրոնէն բացի, արարողութեան մասնակցան Ֆրանսայի նախկին նախագահներ՝ Նիքոլա Սարքոզին եւ Ֆրանսուա Հոլանտը:
Հայաստանի պատուիրակութեան կազմին մէջ էին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ տիկնոջ հետ, նախագահ Արմէն Սարգսեանը՝ տիկնոջ հետ, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդը, Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը, Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը:
Իր խօսքով Նիկոլ Փաշինեանը ափսոսանքով նշեց, որ չհասցուց անձամբ ծանօթանալ Շարլ Ազնաւուրի հետ, ով ընդամէնը օրեր անց Ֆրանսայի նախագահի հետ պիտի գար Երեւան՝ մասնակցելու Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովին:
«Ուզում եմ հաւաստիացնել, որ անմնացորդ նուիրուած եմ այն գործին, որ նոր Հայաստանը պիտի դարձնի այնպիսին, ինչի մասին Դուք երազում էիք: Ազատ եւ Երջանիկ Հայաստանն իսկապէս արժանի գնահատանքը կը լինի Հայ ժողովրդի եւ Հայաստանի նկատմամբ Ձեր ունեցած անուրանալի վաստակին: Խոնարհւում եմ Ձեր առաջ` մեծ ֆրանսացի, մեծ հայ, մեծ արուեստագէտ, մեծ մարդասէր: Ննջի՛ր խաղաղութեամբ, սիրելի Վարպետ», – իր խօսքը եզրափակած է Նիկոլ Փաշինեանը:
Էմանուէլ Մաքրոնը իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ Ազնաւուրը դարձած է Ֆրանսայի դէմքը. – «Շարլ Ազնաւուրը դարձած է Ֆրանսայի դէմքը։ Ազնաւուրի երգերը նախ եւ առաջ բառեր են, բառեր, որոնք եկած եւ դպած են մեր սրտերուն»:
Հոգեհանգիստին մասնակցած են նաեւ հանրայայտ ֆութպոլիստ Եուրի Ճորքայէֆը, որ «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է.- «Ազնաւուրը աւելին էր, քան հայ ֆրանսացի երգիչ: Ան աշխարհի քաղաքացի էր, սիրոյ դեսպան, ժողովուրդի դեսպան: Երբ կը լսես անոր երգերը, կը հասկնաս, որ իւրաքանչիւրը սրտիդ մօտ է: Ան կը գրէր մարդոց մասին ու մարդոց համար»:
Ազնաւուրի մտերիմ բարեկամներէն աշխարհահռչակ Միրէյ Մաթիոն «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ շեշտած է մեծ շանսոնիէի հայկականութիւնը, հայ ըլլալը՝-Այսօր ես տխուր եմ, բայց ինծի համար մեծ պատիւ է խօսիլ Շարլի մասին, որ աշխարհի ամենայայտնի ֆրանսացի երգիչն էր: Ես անոր հետ կապուած շատ յիշողութիւններ ունիմ: Իմ գործունէութեան սկիզբը ինք գրած է իմ առաջին երգը, եւ ես այնքան հպարտ եմ անով: Ան մեծ արուեստագէտ էր: Կ’ըսէր՝ ես հարիւր տոկոսով ֆրանսացի եմ եւ հարիւր տոկոսով հայ: Ան միշտ կը խօսէր Հայաստանի մասին»: