Գիւմրիի աւագանիի ընդդիմադիր «Կալա» խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ աւագանիի նիստին Գիւմրիի պատուաւոր քաղաքացիի կոչումէն զրկուեցան Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Ռոպէրթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը: Այդ կոչումէն զրկուեցան նաեւ Սերժ Սարգսեանի աւագ եղբայրը՝ Լեւոն Սարգսեանը:
«Կալա» խմբակցութիւնը նաեւ ԱԱԾ նախկին տնօրէն Կորիկ Յակոբեանը Գիւմրիի պատուաւոր քաղաքացիի կոչումէն զրկելու նախագիծ ներկայացուցած էր, սակայն աւագանին մերժեց այն, քանի որ առաջարկուած էր անոր կոչումէն զրկել յետմահու: Նախաձեռնութեան հեղինակներէն Լեւոն Բարսեղեան ըսած է՝ պէտք է մաքրուի պատուաւոր քաղաքացիներու ցուցակը: Ան կը պատրաստուի Կորիկ Յակոբեանին պատուաւոր քաղաքացիի կոչումէն զրկելու հարցը կրկին օրակարգ բերել:
«Կորիկ Գուրգենի Յակոբեանի մասով ես շատ եմ որոնել հիմքեր՝ հասկանալու համար, թէ տեսնես Գիւմրի քաղաքին բերած ի՞նչ օգուտների համար է այս մարդն արժանացել այդ կոչմանը: Եթէ այս որոշումը կը մերժուի, յաջորդ նիստին ենք առաջարկելու, յաջորդ նիստին կը մերժուի, յաջորդին ենք ներկայացնելու: Այնքան ժամանակ, մինչեւ Գիւմրիի պատմութիւնը մաքրագործուի: Ժամանակին արել են, սխալ են արել, ստիպուած են եղել, ճնշումների տակ են եղել եւ այլն, հարկաւոր է ազատուել այս ծանր ժառանգութիւնից»,- ըսած է Լեւոն Բարսեղեան:
Ռոպէրթ Քոչարեանին 2002 թուականին շնորհած են այդ կոչումը: Այն հիմնաւորմամբ, թէ «Լինսի» հիմնադրամի միջոցներով Գիւմրիի մէջ իրականացուած է բնակարանաշինական մեծ ծրագիր: Սերժ Սարգսեանն ալ այդ կոչման արժանացած է 2006 թուականին, երբ պաշտպանութեան նախարար էր: Թէ ինչու անոր կոչում շնորհուած է, որեւէ հիմնաւորում չէ ներկայացուած:
Սերժ Սարգսեանի եղբօրը՝ Լեւոն Սարգսեանին որպէս «Փիւնիկ» հիմնադրամի տնօրէն Գիւմրիի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում շնորհելու շուրջ 2 տարի առաջ մեծ աղմուկ բարձրացաւ: Անոր այդ կոչումը կը շնորհէին հիմնաւորմամբ, թէ «Վերածնունդ» երաժշտական միջազգային փառատօնն է Գիւմրիի մէջ կը կատարէ: Պարզուած է, սակայն, որ այդ մրցոյթին մասնակցիլը անվճար չէ եղած:
Գիւմրեցիները դեռ 2 տարի առաջ շուրջ 2000 ստորագրութիւն հաւաքած են՝ Լեւոն Սարգսեանը պատուաւոր քաղաքացի կոչումէն զրկելու հարցը աւագանիի նիստի օրակարգ ընդգրկելու համար: Հարցը ընդգրկուեցաւ, սակայն աւագանին դէմ քուէարկեց: Վերջինս միայն այսօր զրկուեցաւ այդ կոչումէն: Այսպիսով՝ Գիւմրիի պատուաւոր քաղաքացիներու թիւը 61-էն նուազեցաւ 58-ի: Առաջիկային այլ անուններ եւս կը ներկայացուին՝ այդ կոչումէն զրկելու համար: