Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԺ-ն կը Քննարկէ Մանուէլ Գրիգորեանը Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէն Զրկելու Հարցը

ԱԺ-ն կը Քննարկէ Մանուէլ Գրիգորեանը Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէն Զրկելու Հարցը

by MassisPost

Կառավարութեան առաջարկութեամբ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին պիտի քննարկուի Հանրապետական խմբակցութեան անդամ, զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանին պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն զրկելու հարցը:

Գործադիրի արտահերթ նիստին այսօր վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Արթուր Վանեցեանին Երկրապահ կամաւորական միութեան ղեկավար, զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանի վերաբերեալ աղմկայարոյց բացայայտումներու համար:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան խուզարկութիւններէն ետք, զօրավար Մանուէլ Գրիգորեան ձերբակալուած էր ապօրինի կերպով զէնք եւ ռազմամթերք պահելու համար: Վարչապետ Փաշինեան յայտարարած է, որ, ըստ առկայ կասկածներու, Գրիգորեանը ներգրաւուած է նաեւ բանակի համար ուղարկուած օգնութիւնը իւրացնելու մէջ:

Գործադիրի նիստին գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան վստահեցուցած է, որ առկայ են հիմքեր Մանուէլ Գրիգորեանը կալանաւորելու համար․- «Քրէական գործով ձեռք բերուած ապացոյցները բաւարար հիմք կու տան քրէական հետապնդում իրականացնելու: Միեւնոյն ժամանակ, ձեռք բերուած տուեալները կը վկայեն նաեւ մեղադրեալի նկատմամբ խափանման միջոց կալանաւորումը ընտրելու»:

ԱԱԾ տնօրէնը կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն ըսած է, որ իրենք խուզարկութիւններու արդիւնքներէն անակնկալի չեն եկած ու տեղեակ էին, թէ ինչ կը սպասուի․ – «Մենք երբեւիցէ չենք գնում ինչ-որ մի տեղ ձեւական: Մենք գնում ենք՝ յստակ ունենալով տուեալներ, որոնց իսկութեան մէջ մենք համոզւում ենք նախօրօք: Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը որ րոպէին բացայայտւում է եւ սկսում է գործել, դուք իմացէք, որ այդ գործը ունենալու է միանշանակ դատական վախճան»:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնին Արթուր Վանեցեան նշանակուած է ընդամէնը մէկ ամիս առաջ: Այդուհանդերձ ԱԱԾ-ն արդէն իրականացուցած է քանի մը աղմկայարոյց բացայայտում:

Հարցին, թէ արդեօք չունի մտավախութիւն իր եւ վարչապետ Փաշինեանի անվտանգութեան համար, Արթուր Վանեցեանը պատասխանած է․ – «Չասենք մտավախութիւն: Կարան լինեն ինչ-որ բաներ․․․ Անկեղծ ասած, ստանում ենք ինֆորմացիաներ (տեղեկութիւններ), որ որոշ խումբեր իմ մասով փորձում են․․․ վնասազերծեն մեզ: Բայց չի ստացուի: Վարչապետի հետ էլ նոյնն ա, բայց, կարծում եմ, ոչ մէկ չի համարձակուի նման վարկանիշ ունեցող վարչապետի նկատմամբ․․․»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment