Միացեալ Նահանգներու Պետքարտուղարութիւնը պաշտօնապէս արձագանգած է Հայաստանի մէջ ընթացող վերջին քաղաքական զարգացումներուն:
Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ, որ հրապարակուած է Հայաստանի ԱՄՆ դեսպանութեան ֆէյսբուքեան էջին վրայ, մասնաւորապէս նշուած է․ – «Մենք նկատած ենք, որ Երեւանի եւ Հայաստանի այլ քաղաքներու մէջ կ’ընթանան բողոքի ցոյցեր: Հայաստանի հազարաւոր քաղաքացիներ դուրս եկած են փողոցներ՝ իրականացնելու իրենց ազատ կամքի արտայայտման եւ հաւաքներ իրականացնելու իրաւունքը: Մենք մանրամասն ձեւով կը հետեւինք Երեւանի կեդրոնի եւ Հայաստանի այլ քաղաքներու մէջ ընթացող բողոքի ցոյցերուն»:
«Մեզ կ’ոգեւորէ ցուցարարներու մեծ մասի ու ոստիկանութեան յարգալից եւ պատասխանատու վարքի դրսեւորումը այս վերջին քանի մը օրերու ընթացքին: Մենք անհանգստացած ենք, սակայն, ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ երբեմն տեղի ունեցող բախումներու համար, որու ընթացքին եղած են վնասուողներ: Կոչ կ’ընենք բոլոր կողմերուն զսպուածութիւն ցուցաբերել եւ խուսափիլ որեւէ լարուածութենէ կամ բռնի գործողութիւններէն», – յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը: