Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կոչ Կընէ Հայաստանի Մէջ Խուսափիլ Բռնութիւններ Գործադրելէ

ԱՄՆ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կոչ Կընէ Հայաստանի Մէջ Խուսափիլ Բռնութիւններ Գործադրելէ

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Պետքարտուղարութիւնը պաշտօնապէս արձագանգած է Հայաստանի մէջ ընթացող վերջին քաղաքական զարգացումներուն:

Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ, որ հրապարակուած է Հայաստանի ԱՄՆ դեսպանութեան ֆէյսբուքեան էջին վրայ, մասնաւորապէս նշուած է․ – «Մենք նկատած ենք, որ Երեւանի եւ Հայաստանի այլ քաղաքներու մէջ կ’ընթանան բողոքի ցոյցեր: Հայաստանի հազարաւոր քաղաքացիներ դուրս եկած են փողոցներ՝ իրականացնելու իրենց ազատ կամքի արտայայտման եւ հաւաքներ իրականացնելու իրաւունքը: Մենք մանրամասն ձեւով կը հետեւինք Երեւանի կեդրոնի եւ Հայաստանի այլ քաղաքներու մէջ ընթացող բողոքի ցոյցերուն»:

«Մեզ կ’ոգեւորէ ցուցարարներու մեծ մասի ու ոստիկանութեան յարգալից եւ պատասխանատու վարքի դրսեւորումը այս վերջին քանի մը օրերու ընթացքին: Մենք անհանգստացած ենք, սակայն, ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ երբեմն տեղի ունեցող բախումներու համար, որու ընթացքին եղած են վնասուողներ: Կոչ կ’ընենք բոլոր կողմերուն զսպուածութիւն ցուցաբերել եւ խուսափիլ որեւէ լարուածութենէ կամ բռնի գործողութիւններէն», – յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment