Թուրքիան կը ստանայ C-400 հակազենիթային հրթիռային համակարգերը Ռուսաստանէն, բայց անոնցմէ օգտուելու հնարաւորութիւն չունին որեւէ այլ երկիրներ. հայաստանեան լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է Զէնքի համաշխարհային վաճառքի վերլուծութեան կեդրոնի տնօրէն, «Ազգային պաշտպանութիւն» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր, գնդապետ Իկոր Կորոթչենքօն:
«Էրտողանը այդ չի կրնար տրամադրել որեւէ այլ երկրի, ինչպէս նաեւ՝ Ատրպէյճանին»,- յայտնած է ան:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի զէնք գնելու նախընտրութիւններուն` Իկոր Կորոթչենքօն նշած է, որ այդ երկիրը շատ լրջօրէն կը վերաբերի Իսրայէլի հետ եւ հիմնականին կը դիտարկէ անոնց առանց օդաչուի թռչող գործիքներ գնելու հնարաւորութիւնը:
Իսկ թէ ինչպէս պէտք է Հայաստանը անոնց դիմակայէ` ռազմական փորձագէտը մատնանշած է, որ Панцирь С-1 համակարգով եւ ТОРН-М-ով, որ աւելի թանկարժէք է:
«Կը կարծեմ, որ Ռուսիոյ կողմէն Հայաստանին տրուած վարկի առընչութեամբ ձեր զինուորականները կրնայ գնել այս զէնքերը՝ նուազեցնելով Հայաստանի օդային սահմանին սպառնացող վտանգները»,- ըսած է ան:
Իկոր Կորոթչենքօն անդրադառնալով նաեւ այսօր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ներքաղաքական իրադարձութիւններուն` նշած է, որ իրենք ալ անհանգստացած են այստեղի իրադարձութիւններով: Ըստ Ռուս փորձագէտի՝ իրենց համար կարեւոր է, որ Հայաստանի մէջ խնդիրներ չըլլան:
«Բոլոր յետ սովետական երկիրներուն մէջ ես Հայաստանը առաջին տեղը կը դնէի»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ Ռուսաստանը պիտի շարունակէ Հայաստանի հետ համագործակցիլ, Հայաստանը կը ստանայ Ռուսաստանէն ժամանակակից զէնքեր, որ թոյլ չի տար, որպէսզի եղած ռազմական հաւասարակշռութիւնը խախտուի: