«ՌԻԱ Նովոստի»-ն յայտնած է, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը երկրի մէջ արտահերթ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելու անհրաժեշտութիւն յայտարարած է:
Թուրքական ազգայնական «Գորշ գայլեր» խմբաւորման քաղաքական թեւը համարուող «Ազգային շարժում» կուսակցութեան առաջնորդ Տեւլէթ Պահչելին կոչ ըրած էր երկրի իշխանութիւններուն, որպէսզի վաղաժամ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպուի այս տարուայ 24 յունիսին:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան խօսնակ Պեքիր Պոզտաղը, անդրադառնալով Պահչելիի յայտարարութեան, չէր բացառած իրադարձութիւններու նման ընթացքը ու նշած էր, որ առաջարկը կրնայ քննարկման ենթարկուիլ համապատասխան մարմիններու կողմէ: