Արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էռնեքեանի Corporación América Airports ընկերութեան կառավարմամբ գործող օդակայաններու շարքին 2026-ի երկրորդ եռամսեակին ուղեւորահոսքի ամենամեծ աճը արձանագրուած է Հայաստանի մէջ։
Ընկերութեան երկրորդ եռամսեակի ֆինանսական արդիւնքներուն համաձայն՝ Հայաստանի մէջ ուղեւորահոսքը նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 13 տոկոսով։ Ընդ որում՝ աճը արձանագրուած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հակամարտութեան հետեւանքով թռիչքներու չեղարկումներու եւ տարածաշրջանի օդային տարածքի սահմանափակումներու պայմաններուն մէջ։ Յուլիսին աճը արագացած է՝ հասնելով 17 տոկոսի։
Corporación América Airports-ի տուեալներով՝ 2026-ի Յուլիսին Երեւանի «Զուարթնոց» եւ Կիւմրիի «Շիրակ» օդակայաններուն ուղեւորահոսքը հասած է շուրջ 735.000-ի՝ 17,2 տոկոսով աւելի, քան 2025-ի Յուլիսի 627.000-ը։
Սա Հայաստանի օդակայաններու պատմական ամսական առաւելագոյն ցուցանիշն է։ Նախորդ մրցանիշը արձանագրուած էր 2025-ի Օգոստոսին, երբ երկու օդակայանները միասին սպասարկած էին շուրջ 667.800 ուղեւորի։
2026-ի Յուլիսին «Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններուն մէջ սպասարկուած է 5.058 թռիչք։ Յունուար-Յուլիսին Հայաստանի երկու օդակայաններու ընդհանուր ուղեւորահոսքը հասած է 3.483 միլիոնի, ինչ որ եւս մրցանշային ցուցանիշ է։
Երեւանի «Զուարթնոց» եւ Կիւմրու «Շիրակ» օդակայանները կը կառավարէ «Արմէնիա միջազգային օդանաւակայաններ» ընկերութիւնը, որ կը պատկանի Էտուարտօ էռնեքեանի Corporación América Airports-ին։

