Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրանեան Կազի Արտահանումը Հայաստան Կարելի Է Առնուազն Կրկնապատկել. Երեւանը Կողմ Է Թեհրանի Առաջարկին. Խուդաթեան

Իրանեան Կազի Արտահանումը Հայաստան Կարելի Է Առնուազն Կրկնապատկել. Երեւանը Կողմ Է Թեհրանի Առաջարկին. Խուդաթեան

by MassisPost

Հայաստանը կողմ է Իրանէն կազի արտահանման ծաւալները աւելցնելու Թեհրանի առաջարկին։

Իրան կատարած եռօրեայ այցէն յետոյ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցին տեղեկացուցած է, որ կազ ելեկտրականութեան դիմաց ծրագրի շրջանակին մէջ իրանեան կազի ծաւալները հնարաւոր է առնուազն կրկնապատկել։

Նախարարին փոխանցմամբ՝ երկուստեք շահաւէտ այս գործարքը ընդլայնելու շուրջ հայկական եւ իրանեան կողմերը բանաւոր համաձայնութիւն ձեռք բերած են, մնացած հարցերուն լուծումը արդէն յառաջիկային ստեղծուելիք աշխատանքային խումբերու տիրոյթին մէջ է։

«Երկուստեք արձանագրել ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը փաստացի ունի աւելի մեծ ծաւալով կազ ստանալու անհրաժեշտութիւն, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնն ունի աւելի մեծ ծաւալով ելեկտրուժ ստանալու անհրաժեշտութիւն, մեր խողովակաշարի առկայ թողունակութիւնն աւելի մեծ է, քան դրանով հոսող այս պահին կազն է»,- ըսած է տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարը։

Անցած շաբաթուայ վերջը տարածքային կառավարման նախարար Դաւիթ Խուդաթյանի հետ հանդիպումէն յետոյ Իրանի քարիւղի նախարարը տեղեկացուցած է, որ Թեհրանը Երեւանին առաջարկած է նոր առեւտրային շրջանակ, որ նպատակ ունի ընդլայնել բնական կազի արտահանումը։ Դաւիթ Խուդաթեան, մինչդեռ, չէ նշած՝ Թեհրա՞նը, թէ՞ Երեւանը առաջարկած է մեծացնել իրանեան կազի արտահանման ծաւալները, միայն ընդգծեց, թէ հետաքրքրութիւնը երկուստեք է:

«Ե՛ւ մեր առկայ խողովակաշարի հնարաւորութիւնը, ե՛ւ նաեւ 400 քիլօուաթ հզօրութեամբ գծի կառուցման հնարաւորութիւնը մեզ թոյլ է տալիս առնուազն գործարքի ծաւալները կրկնապատկել դեռեւս աւելի մեծ ծաւալով, քան կրկնապատկումն է, բայց մինիմում կրկնապատկել հնարաւոր է։ Այսինքն՝ կարող ենք Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն երկու անգամ առնուազն աւելի շատ ելեկտրականութիւն արտահանել, փոխարէնը երկու անգամ աւելի շատ կազ ստանալ, չնայած կազատարի թողունակութիւնն այս պահին աւելի շատ է, քան կրկնակին է»,- շեշտած է նախարարը։

Գրեթէ 20 տարի առաջ կառուցուած Իրան-Հայաստան կազատարը տարեկան աւելի քան երկու միլիառ խորանարդ մեթր կազ արտահանելու կարողութիւն ունի, սակայն այն տարիներ շարունակ կ’օգտագործէ իր կարողութեան չնչին տոկոսը։ Անցեալ տարի Իրանէն Հայաստան արտահանուած է ընդամէնը 480 խորանարդ մեթր կազ։ Հայաստանը տարիներ շարունակ կազ ելեկտրականութեան դիմաց ծրագրի շրջանակին մէջ Իրանէն ստացած կազը կը վերածէ ելեկտրականութեան եւ կը փոխանցէ Թեհրանին, այսինքն՝ հայաստանցի սպառողներուն այդ կազը չի հասնիր։ Ինչպէս նախարարը կը նշէ՝ փոխշահաւէտ այս գործարքին ծաւալները մեծցնելու, աւելի շատ կազ ստանալու ու աւելի մեծ քանակութեամբ հոսանք Իրան արտահանելու համար, սակայն անհրաժեշտ է, որ վերջապէս աւարտին հասցուի Իրան-Հայաստան բարձրավոլթ կայանի կառուցումը, որ գրեթէ 10 տարի է չէ աւարտած։

Նախարարը յոյս յայտնած է, որ երկարատեւ ձգձգումներէ յետոյ մինչեւ տարուայ վերջ աշխատանքները աւարտին կը հասցուին։

«Նոր՝ 400 քիլօուաթ հզօրութեամբ գծի կառուցման արդիւնքում, որը մենք ծրագրաւորում ենք արդէն այս տարուայ վերջին աւարտել, առնուազն այդպիսի հաւաստիացումներ ունենք ե՛ւ կապալառու ընկերութեան կողմից, ե՛ւ Իրանի մեր պաշտօնեայ գործընկերների կողմից, որ իրենք հետեւողականօրէն կը լինեն այս գիծը ժամանակին, այսինքն՝ տարեվերջին աւարտելու ուղղութեամբ, որովհետեւ ժամանակացոյցից նախորդ տարիներին բաւական շեղումներ արդէն ունեցել ենք։ Ինչի արդիւնքում, այոյ, քննարկել ենք այն հնարաւորութիւնը, որ Հայաստանը աւելի մեծ ծաւալով ելեկտրականութիւն արտահանի Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն, փոխարէնը աւելի մեծ ծաւալով կազ ստանայ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը»,- ըսած է տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment