Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ Բռնագանձել Քոչարեանի Ունեցուածքը

Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ Բռնագանձել Քոչարեանի Ունեցուածքը

by MassisPost

Դատախազութիւնը կը պահանջէ ՀՀ Երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանէն եւ անոր փոխկապակցուած անձերէ բռնագանձել 22 անշարժ գոյք, 13 ընկերութիւններու մէջ մասնակցութիւն ու շուրջ 19,5 միլիառ դրամ:

Ներկայացուած հայցադիմումով կը պահանջուի բռնագանձել 22 անշարժ գոյք (որոնցմէ 19-ի միջին շուկայական արժէքը կը կազմէ շուրջ 11,15 միլիառ դրամ), 2 անշարժ գոյքի գնման իրաւունք, 2 փոխադրամիջոց, ինչպէս նաեւ շուրջ 3,8 միլիառ դրամին համարժէք գոյքի ձեռքբերման արժէքներ։

Բռնագանձման ենթակայ են 13 ընկերութիւններու մէջ մասնակցութիւնները (այդ շարքին՝ «Թոյոթա Երեւան» եւ «Նաիրի Ինշուրանս»), ինչպէս նաեւ 4 ընկերութեան մասնակցութեան ձեռքբերման արժէքը։

Կը պահանջուի բռնագանձել նաեւ․

շուրջ 3,1 միլիոն տոլարով եւ 985 միլիոն դրամով ձեռք բերուած պարտատոմսեր,

աւելի քան 1,4 միլիոն տոլարի եւ 200 միլիոն դրամի աւանդներ,

փոխառութեան պահանջի իրաւունքներ՝ շուրջ 4 միլիոն տոլարի, 8,3 միլիառ դրամի, 260,4 միլիոն ռուսական ռուպլիի եւ 590 հազար եւրոյի չափով։

Գործով ընդհանուր գումարային պահանջը կը կազմէ շուրջ 19,56 միլիառ դրամ, ինչպէս նաեւ եւս 502 միլիոն դրամ՝ որպէս քրէական գործով վճարուած գրաւի գումարի ապօրինի մաս։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment